Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Ֆրեզնօ Պի»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, ճափոնցի-ամերիկացի հողագործ եւ գրող Տէյվիտ Մաս Մասումոթօ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ յատկապէս անոր խորհրդանիշին՝ անմոռուկ ծաղիկին, շեշտելով երկու ժողովուրդներուն ցաւերը միասնաբար յիշելու կարեւորութիւնը։

Ան կը գրէ, թէ նկատի ունենալով, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին կառավարութեան կողմէ թշնամի նկատուած ճափոնցի-ամերիկացիներ մեկուսացման ճամբարներու մէջ պահելու արշաւի զոհերուն յիշատակման օր նշանակուած է Փետրուար 19ն, ինք որոշած է Փետրուար ամսուան ընթացքին ցանել անմոռուկ ծաղիկի հունտեր, որպէսի անոնք ծլին մինչեւ Ապրիլ 24, յարգելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

Մասումոթօ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ կ'ընէ՝ շեշտելով յատկապէս զոհերը ու անոնց պատմութիւնները յիշելու կարեւորութիւնը։

«Ընդունէ՛ պատմութիւնը, որպէսզի անիկա երբեք չկրկնուի։ Մեր նախնիները պատուէ՝ կրկնելով անոնց պայքարի եւ վերապրումի պատմութիւնը», կը յանձնարարէ Մասումոթօ։

Յօդուածը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.sacbee.com կայքէջէն։