Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Վերապրող Թովմաս Պօղոսեանի վկայութիւնը
1917, Կարին, Տիգրանակերտի նահանգ
Թովմաս Պօղոսեանի պատմութիւնը կը սկսի 4000 տուն ունեցող Հայնի գիւղաքաղաքէն, ուր 1000 հայու տուն կար:
«Վայրենի զուարճութեան համար շատ անգամներ ականատես եղանք, որ յղի կանանց փորը կը ճեղքէին նախքան սպաննելը եւ դուրս կը հանէին մանկիկները եւ սուրի ծայրը անցուցած` հռհռալով ցոյց կու տային միւս ընկերներուն մանկիկին հոգեվարքի թպրտոցները»
«Տիգրանակերտի նահանգի Հայնի գիւղաքաղաքէն Թովմաս Պօղոսեանի պատմութիւնը:
Հայնի, Տիգրանակերտի նահանգի հիւսիսարեւելեան կողմը, 4000 տուն բնակիչ ունեցող գիւղաքաղաք մըն է, որուն հազար տունը միայն հայեր, իսկ մնացեալները ամբողջութեամբ թուրքեր են:
Հայ ժողովուրդը բաժնուած էր երկու յարանուանութեան` բողոքական եւ լուսաւորչական: 900 տուն լուսաւորչական եւ 100 տուն բողոքական` մէկական եկեղեցիներով: Լուսաւորչականները [ունէին] խառն երկսեռ երեք վարժարաններ` 600 աշակերտներով, իսկ բողոքականները` երկու վարժարան, մին` մանչերու, միւսը` աղջիկներուն, 120 աշակերտ-աշակերտուհիներով:
Քիչ բացառութեամբ, արհեստները եւ վաճառականութիւնը հայ ժողովուրդին ձեռքն էին: Տնտեսական ուղիղ հաշիւ չեմ կրնար տալ, միայն կարող եմ ըսել, թէ բաւականին բարեկեցիկ վիճակում էին: Հայնին ալ իր կարգին պատասխանեց զօրակոչին, բոլոր հայ զինուորները, քիչ բացառութեամբ, գացին կատարելու իրենց պարտականութիւնը, միաժամանակ բռնագրաւման յանձնաժողովը գրեթէ կը կողոպտէր հայ վաճառականները եւ տուները: Ատկէ զատ, զինուորները, լցուած քաղաքը, մասնաւորապէս հայ շրջանները, իրենց պէտք եղած իրերը կը յափշտակէին առանց կարեւորութիւն տալու բողոքներուն:
Ես մտայ Լիբանանի 21-րդ թնդանօթաձիգներու վաշտը: Մեր վաշտը փոխադրուեցաւ Քէօփրիւ Քէոյի մօտ, Հեքիպաթ ըսուած գիւղը: Երկու ամիս այդտեղ մնալէ յետոյ անցանք Քէօթակ: Յետոյ, թրքական յարձակողականի ատեն մեր վաշտը մասնակցեցաւ Սողանլուի կռիւներուն: Մեր վաշտը կը բաղկանար 1600 [հոգի]է, բայց կռիւներէն յետոյ մնաց 200 հոգի: Մնացորդներս քաշուեցանք Ազապ գիւղ, մինչեւ յունուար մնացինք հանգստանալու: Այդ ամսուն հայ զինուորները զինաթափ եղան: Մեր վաշտին մէջ մնացած էր 60 հայ զինուոր: Ամէնքս ալ զինաթափ ըրին եւ դրին փոխադրութեան ծառայութեան: 15 օր միայն փոխադրութեան ծառայելէ յետոյ մեզ փոխադրեցին Էրզրում եւ բանտարկեցին: 8 օր բանտ մնալէ յետոյ փոխադրուեցանք Աշգալա:
Հայերը վաշտէն հեռացնելու ատեն դերջանցի Սեդրակ անունով զինուոր մը պահեցին, որովհետեւ իմացած էին, որ շատ փող ունէր, պահանջեցին, որ փողը յանձնէ, ան ալ մերժած էր: Յետոյ թուրք վիրաւոր զինուորներէ իմացանք, որ սպաննած էին: Մէկ գիշեր Աշգալա բանտարկելէ յետոյ մեզ փոխադրեցին Մամախաթուն` ճանապարհներու վրայ աշխատելու:
Նախքան բանակէն հեռացնելը` մեզի առաջարկուեցաւ թրքանալ: Մենք պահանջեցինք պատճառը գիտնալ այդ առաջարկին: Անոնք պատասխանեցին, թէ բան մը չկայ, միայն առաջարկ կ՛ընեն մեզի թրքանալու: Մենք, ի հարկէ, մերժեցինք եւ զինաթափուեցանք: Մինչեւ մայիս Դերջանի շրջանը ճանապարհներու վրայ աշխատեցանք: Այդ օրերը սկսաւ հայերու դէմ հալածանքը: Նախ սկսան աչքի ընկնող անհատները ձերբակալել եւ ափաշկարա կողոպտել: Արդէն այդ օրերը ամէն տեղ բռնի գրաւելը եւ բռնութեամբ փող պահանջելը դարձած էին սովորական:
Ձերբակալուածները իրարու հետ թոկով կապուած դուրս կը հանէին բանտէն եւ կը բերէին մեր իջած տեղը: Արդէն նախօրօք մեզի բանալ տուած կը լինէին խրամներ, որտեղ պէտք էր թաղուէին անոնց դիակները: Այնտեղ ամբողջութեամբ կը կոտորէին մեր աչքին առաջը, կը հարկադրէին մեզի մեր ձեռքով թաղելու` զէնքի սպառնալիքով: Կոտորողներն էին ժանտարմաները եւ կանխօրօք պատրաստուած չեթէները: Մահու սպառնալիքով մեզի կը հրամայէին լուռ մնալ, եւ եթէ հարցնող լինի` յայտնել, թէ քիւրտերը յարձակեցան եւ սպաննեցին: Մեր ամէնօրեայ աշխատանքն էր խրամներ բանալ եւ դիակները թաղել: Կիրակի օր մը Էրզրումի կողմերէն խումբ մը բանտարկեալներ բերին մեր բացած խրամներուն մօտ եւ սկսան կոտորել: Թաղելու ատեն մէկ հոգի կուրծքէն վիրաւոր` ողջ մնացած էր, ջուր խնդրեց: Գերմանացի օֆիցեր մը, ատրճանակը ձեռքին, ըսաւ. «Կ՛ուզե՞ս ջուրին տեղը քեզի մէկ գնդակ տամ», բայց չպարպեց ատրճանակը, հրամայեց ողջ ձգել դիակներուն հետ եւ թաղել:
Յաջորդ հինգշաբթին չափագէտի հետ միասին էինք ճանապարհի վրայ: Գլուխը կապած վիրաւոր հայ մը դէմերնիս եկաւ եւ հաց խնդրեց: Հարցուցինք որտեղէն գալը, պատասխանեց. «Զիս թաղեցին, երեք օր գերեզմանին մէջ չարչարուելէ յետոյ դուրս եկայ»: Մեր թաղած խումբէն էր: Հաց տուինք: Գնաց դէպի աշխատաւոր զինուորներու վրանները: Վերադարձանք վրանները: Այնտեղ նստած էր նոյն վիրաւորը: Զինուորները գերեզման կը փորէին: Հարցուցինք` որո՞ւ համար էր, քանի որ նոր խումբ չկար: Վիրաւորը պատասխանեց. «Ինծի համար է, զիս պիտի թաղեն»: Իսկապէս ողջ գցեցին եւ թաղեցին:
Այս դէպքերէն յետոյ սկսաւ ընդհանուր տեղահանութիւնը Կարնոյ շրջականերուն եւ Դերջանի: Այդ միջոցին մեզի առաջարկուեցաւ, որ ո՛վ որ այդ շրջանին մէջ տուն, ընտանիք ունի, բաժնուի եւ անոնց հետ աքսորի երթայ: Բայց մենք գիտնալով, որ կը սպաննեն, դերջանցի զինուորներուն թոյլ չտուինք, որ ընտանիքներուն հետ երթան, թէեւ դերջանցիները տեսնելով, որ իրենց պարագաները կը քշուին, թուլացան եւ կ՛ուզէին երթալ: Այդ միջոցին եկաւ աշխատաւոր զինուորներու վրայ վերակացու դրուած թուրք Հասան չաւուշը եւ խստիւ պատուիրեց, որ չերթան, յայտնեց, թէ քիչ մը հեռուն ամէնքն ալ կը սպաննեն: Այդ յայտնութեան վրայ գտցողներ չեղան:
Մենք այդ միջոցին կը գտնուէինք Մամախաթունի եւ Քէօթիւ (անպէտք) Քէօփրիւի միջեւ: Ամէն օր կու գային տեղահանուածներու կարաւաններ: Այնտեղ կարաւանը կը կեցնէին եւ կը զատէին, տղամարդիկը քիչ մը հեռացնելէ յետոյ կը կոտորէին, յետոյ կը դառնային կիներուն, կը խուզարկէին փողի համար, լաւ մը կողոպտելէ յետոյ կը սկսէին բռնաբարութիւններ նախիրային ձեւով եւ յետոյ` կոտորած, մնացորդները կը քշէին, եւ մենք հարկադրօրէն պիտի թափէինք դիակները կանխօրօք բացուած խրամներու մէջ, մինչեւ որ կու գար երկրորդ կարաւանը, եւ նոյն գազանութիւնները կը կրկնուէին: Այսպէս շարունակուեցաւ ամբողջ մէկ ու կէս ամիս:
Վայրենի զուարճութեան համար շատ անգամներ ականատես եղանք, որ յղի կանանց փորը կը ճեղքէին նախքան սպաննելը եւ դուրս կը հանէին մանկիկները եւ սուրի ծայրը անցուցած` հռհռալով ցոյց կու տային միւս ընկերներուն մանկիկին հոգեվարքի թպրտոցները:
Ճանապարհի ամբողջ երկարութեան վրայ կային վեց վաշտ հայ աշխատաւոր զինուորներ: Գիշեր մը բոլորը հաւաքեցին եւ հրամայեցին շարժիլ դէպի Երզնկայի ուղղութեամբ, իբր թէ գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականները պիտի գային աւտոմոպիլներով, ճանապարհները պէտք էր շտկէինք: Սակայն մինչեւ Քէօթիւ Քէօփրիւ գացինք, յանկարծ հրամայուեցաւ ետ դառնալ իւրաքանչիւր վաշտ իր նախկին տեղը եւ յայտարարուեցաւ, թէ ձեզի պիտի տանէինք` կոտորէինք, բայց հրաման եկաւ, որ պիտի չկոտորենք:
Իրիկուն մը վերոյիշեալ Հասան չաւուշը մեզի յայտնեց, թէ օր մը ձեզի կը կոտորեն, ովքեր կարող են, թող փախչին: Խումբ մը պատրաստուեցանք փախչելու, բայց բասենցի Սիրական չաւուշը գնաց, լուր տուաւ հրամանատարին, մեզ բռնեցին, բանտարկեցին երեք օր, նորէն բաց թողուցին եւ սկսանք աշխատանքի:
Գիշեր մը նորէն Հասան չաւուշը եկաւ մեր մօտ, յայտնեց, թէ հունձքերը լմննալէ յետոյ ձեզի պիտի կոտորեն, փախեցէք, ո՛ւր որ կրնաք: Եօթը ընկերներով խորհրդակցեցանք, ծրագիր կազմեցինք փախչելու, ցորեն տուինք գաղթականներուն եւ հաց առինք, գացինք Ճիպիճէ ըսուած սարը: Այնտեղ հանդիպեցանք երկու թուրք դասալիքներու: Անոնք մեզի միացան եւ առաջնորդեցին Երզնկա: Այնտեղ հաց առինք եւ գացինք: Առաւօտեան դուրս ելանք եւ ձորի մէջ հանդիպեցանք թուրք զինուորներու: Անոնց հարցումին մենք պատասխանեցինք, թէ փոխադրութեան վրայ աշխատաւոր զինուորներ ենք: Ձորին մէջ հինգ ընկերներ կորսնցուցինք եւ մնացինք երկու ընկերներով: Մօտերքը կային զինուորական վրաններ: Գիշերը գացինք մեր 5 ընկերները գտնելու համար անոնց անուններովը մութին մէջ կը պոռայինք` շրջակաները գտնելու յոյսով: Շարունակեցինք փնտռտուքը երեք գիշեր, բայց` անյաջող: Վրանները եղող զինուորները կարծելով, որ մենք ֆետայիներ ենք, զինուած դուրս կու գային մեզ բռնելու, բայց մենք հետքերնիս կը կորսնցնէինք: Երբ ընկերներնիս չկրցանք գտնել, հետս եղող ընկերս յուսահատեցաւ եւ գնաց Երզնկա` կառավարութեան անձնատուր ըլլալու: Ես գացի դէպի Տէրսիմ:
1916 թուի մարտի 1-ին քիւրտերը յարձակեցան թիւրքերու վրայ, դէպի Խոզաթ, Տէրսիմ, Մեծկերտ եւ բոլոր մօտակայ շրջանները: Մասնակցեցայ այդ արշաւանքներուն չորս անգամ: Մեր արշաւանքներէն յետոյ ինչ կողոպուտ որ կը բերէինք, ինծի բաժին չէին տար: Գրեթէ կիսամերկ մնացած էի: Ատոր համար փախայ` գացի մէկ ուրիշ քիւրտ աղայի մօտ, որտեղ կային բաւական հայեր: Մինչեւ Երզնկայի գրաւումը մնացինք եւ յետոյ անցանք Երզնկա:
Թովմաս Պօղոսեան, հայնեցի»
[Գրի առնող` Ամատունի] ՀԱԱ, ֆ. 227, ց. 1, գ. 492, թթ. 2-8, բնագիր, ձեռագիր
Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիայում. վերապրածների վկայութիւններ, փաստաթղթերի ժողովածու, հ. 3, Էրզրումի, Խարբերդի, Տիարպեքիրի, Սեբաստիայի, Տրապիզոնի նահանգներ, Պարսկահայք, ՀԱԱ, Երեւան, 2012, էջ 81- 84: