Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Սուրիական գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի ներկայացուցած է «Արաբական քաղաքականութեան հետազօտութեան կեդրոնին» կողմէ հրատարակուած գիրքի բովանդակութիւնը։ Գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, 1914թ.ին, կրօնական եւ ցեղային զտումները` հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ:
Hayernaysor.am-ի հաղորդմամբ՝ Զաքի շեշտած է, որ Անատոլիոյ մէջ կը բնակէր մօտաւորպէս 5 միլիոն հայ ընդհանուր 10 միլիոն ժողովուրդէն, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ընդունեց ցեղային զտումներու օրէնքը Թուրքիոյ մէջ: Զաքի կեդրոնացած է այն հարցին, թէ գիրքին մէջ նշուած է, որ պատահածը գերազանցած է այդ օրէնքի նպատակը, այն առումով, որ կարճ ժամանակուան մէջ Թուրքիոյ մէջ ոեւէ ոչ իսլամ բնակիչ չէ մնացած՝ ի հետեւանք ջարդերուն, ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթին մանաւանդ դէպի Սուրիոյ անապատները: Զաքի դատապարտած է այն, որ թուրքերը բռնագրաւած են գաղթական հայերու ունեցուածքը, որոնք կը համարուէին Թուրքիոյ հարուստ դասակարգը, եւ այսպիսով Թուրքիան կրցաւ բարձրացնել իր տնտեսական մակարդակը, քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւելով:
Գիրքին մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ, Սեւ ծովի ու Միջերկրականի կողմերը գտնուող գործարաններու 95-96 տոկոսը եղած է հայերու եւ յոյներու սեփականութիւնը: «Ճիհան» կայքին մէջ Նետիմ Քառայլին կը պնդէ, որ Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան անդամները այսօր ժառանգորդներն են այն թուրքերուն, որոնք 1915թ.ին բռնագրաւեցին հայերու սեփականութիւնը, եւ այսօրուան Թուրքիոյ հարստութեան հիմքը այդ թալանուած սեփականութիւններն են: Զաքի կ’աւարտէ իր խօսքը ըսելով, որ «Հայու հանճարը այս բացառիկ կարողութեան մէջ է, ոչինչէն ստեղծել, կառուցել եւ յաղթահարել մահը»: