Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Գանատահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան այս օրերուն կը գտնուի Թուրքիա. ան ներգրաւուած է !f միջազգային անկախ շարժանկարներու փառատօնի ժիւրիի կազմին մէջ:

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի հետ զրոյցի մը ընթացքին Արսինէն անդրադարձած է թուրքերու, հայերու, հայկական սփիւռքի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն մասին:

«Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացուի Ցեղասպանութեան ժխտման վրայ կեդրոնացած, կտրատուած պատմութիւն, եւ թուրքերը կը խճճուին Հայոց Ցեղասպանութեան առերեսուելու հարցով: Այժմ կը հասկնամ, որ ատիկա շատ դժուար է»,- ըսած է Արսինէ Խանճեան:

Թուրքիոյ մէջ 5-րդ, իսկ Պոլսոյ մէջ 3-րդ անգամ գտնուող հայ դերասանուհին նշած է, թէ թուրքերու հետ առերես հանդիպիլը իրեն հնարաւորութիւն  տուած է հասկնալու, թէ ինչու այդպէս կը վարուի թուրք հասարակութիւնը: «Հասկցայ, որ թուրքերը շատ բաներ չեն գիտեր պատմութենէն: Ողջ կեանքի մէջ կը մեղադրուին անցեալի համար, սակայն իրականութեան մէջ այդ անցեալի մասին նուազագոյն պատկերացումը անգամ չունին»,- ըսած է ան:

Խօսելով Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու մասին` Արսինէ Խանճեան նշած է, թէ իրենք անոնցմէ շատ մեծ բան չեն ակնկալեր: «Սփիւռքի մէջ գիտեն, որ Թուրքիոյ հայերը վախի մէջ կ’ապրին: Սփիւռքը Թուրքիոյ հայերուն հետ կապը կորսնցուցած է: Մեր ժառանգութիւնը, մեր լեզուն, մշակոյթը կորսնցուցած ենք, սակայն Թուրքիոյ մէջ մնացած, այստեղ բնակող մարդոց հետ մեր շփումը կրնանք պահել ու շարունակել»,- ըսած է ան:

Պատասխանելով հարցին, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք, Արսինէ Խանճեան ըսած է. «100-րդ տարելիցի ձեռնարկները կը կատարուին պատմութիւնը վառ պահելու համար: 101-րդ տարին ալ պիտի շարունակենք նոյն բաները ընել: Վերջապէս հասած ենք կէտի մը, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կրնանք խօսիլ: 50 տարի առաջ Ցեղասպանութեան մասին չէր խօսուեր: Այժմ այդպէս չէ: Այդ իսկ պատճառով ալ այդ ձեռնարկները կարեւոր կը համարեմ»:

Խօսելով Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած շարժանկարներու մասին` Արսինէ Խանճեան ըսած է, թէ հայ հանդիսատեսի` Ցեղասպանութեան մասին շարժանկարէն ակնկալիքները բաւարարելը գրեթէ անհնար է:

«Ցեղասպանութեան շուրջ այնքան երկար լուռ մնացած են, չեն խօսած, որ յայտնուած են կէտի մը վրայ, երբ հայ հանդիսատեսը չի գիտեր, թէ ինչ կը փափաքի տեսնել շարժանկարին մէջ: Անոնք կ’ուզեն, որ շարժանկարը պատմէ ամէն ինչի մասին: Պատերազմի աւարտէն ետք Հոլոքոսթի պատմութիւնները սկսան պատմել, եւ հրեաները նման շարժանկարի կարիք չունեցան: Հայերու համար իրավիճակը այդպէս չդասաւորուեցաւ: Ցեղասպանութեան տարբեր կողմերը պատմել չկրցանք, եւ այժմ այդ բոլոր պատմութիւնները տեղ մը հաւաքելով` ցեղասպանութեան մասին շարժանկար կ’ակնկալենք: Ատիկա իրագործելը հնարաւոր չէ»,- ըսած է ան: