Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Այս շաբաթ, Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վաւերացուցած է «Մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարութիւնը աշխարհի մէջ» նիւթով իր տարեկան զեկոյցը, որ կը պարունակէ Հայաստանի վերաբերող քանի մը պարբերութիւն:

Հոն ակնարկութիւններ կան նաեւ ցեղասպանութիւններու եւ անոնց ուրացման հարցերուն:

«Մասնաւորապէս, յանձնախումբին քուէարկած նոր յաւելուածներէն քանի մը հատը կը վերաբերին ցեղասպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին։ Հոն դիմում կ'ըլլայ անդամ երկիրներուն ընդունելու Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ կ'ըլլայ անոնց ու Եւրոմիութեան կառոյցներուն՝ սատարելու անոր ճանաչման», կը բացատրէ Հայաստանի Եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենզօ Օչօա:

Յանձնախումբը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ իրաւապաշտպաններուն եւ աշխարհի տարածքին քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուած մարդոց վրայ եւ կոչ կ'ընէ անդամ երկիրներուն, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքը աւելի համակարգուած ձեւով կատարեն։

Հոն յայտարարուած է, որ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ այլ ոճիրներու ժխտումը պէտք է դատապարտուի եւ որակուի իբրեւ մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտում:

Զեկոյցին մէջ դատապարտուած են նաեւ հայերու, եզիտիներու եւ տարբեր ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ «Իսլամական պետութեան» կողմէ իրականացուող հալածանքը: