Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Կրեմի» մրցանակ շահած «System of a Down» խումբի աշխարհահռչակ երգիչ եւ երգահան Սերժ Թանքեանի հետ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի կատարած հարցազրոյցին ընթացքին, Թանքեան «Wake Up the Souls» շրջագայութեան գագաթնակէտը համարած է երեւանեան բացօթեայ համերգը՝ միաժամանակ նշելով, որ այդ անվճար համերգը պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պատշաճ յիշատակում:

Նշենք, որ շրջագայութեան ընթացքին համերգներ պիտի կայանան Լոս Անճելըսի, Լոնտոնի, Քէօլընի, Լիոնի, Պրիւքսէլի, Ամսթերտամի, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ:

Սերժ Թանքեան նշած է, որ «System of a Down» խումբը ցարդ ելոյթ չէ ունեցած Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելով, որ ելոյթը հաւանաբար սփռուի պատկերասփիւռով կամ համացանցով, «որպէսզի բոլոր փափաքողները մեզի հետ ըլլան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ»։

Ըստ անոր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու կողքին, «Wake Up the Soul»ի նպատակը արդարութեան կոչնակ ըլլալն է: Թանքեան դրական համարած է թրքական հասարակութեան որոշ հատուածներու մէջ տեսնուող փոփոխութիւնը՝ ըսելով, որ որոշ թուրք այլախոհներ «զարմանալի աշխատանք կը տանին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար»:

Թանքեան խօսած է նաեւ «1915» անուն ֆիլմին մասին, որ պիտի ներկայացուի այս տարի: Ֆիլմի հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիպեան: Ֆիլմը նկարահանուած է Լոս Անճելըս ու անոր դէպքերը տեղի կ՛ունենան Ապրիլ 24, 2015ին:

«Կը կարծեմ, որ «1915»ը իսկապէս շատ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ֆիլմ մըն է, որ կը վերաբերի իւրայատուկ նիւթի մը, որ ցարդ ֆիլմերու մէջ չէ ներկայացուած, այն է՝ Սփիւռքին կրած կորուստի ցնցումը: Ներկայացուածը կրնայ անձնական մակարդակի էջ ըլլալ, սակայն անոր պատգամը համաշխարհային է», նշած է Թանքեան, որ ամիսներ աշխատած է այս ֆիլմի երաժշտութեան վրայ:

Թանքեան խօսած է նաեւ իր անձնական կեանքին մասին՝ ըսելով, որ «հայր ըլլալը հիանալի է ու անիկա ամենակարեւոր բանը դարձած է ինծի համար»։