Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Ինֆորմատոր» կայքը կը հաղորդէ, թէ Վատիկան պաշտօնապէս հաստատած է, թէ Ֆրանսիս պապը Ապրիլ 12ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մատուցանէ Պատարագ՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին։

«Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութիւնը գործադրուած է Ապրիլ 24, 1915էն սկսեալ, զոր, սակայն, Թուրքիա ցարդ չի ճանչնար եւ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին պոյքոթի ենթարկած է պատմական իրողութեան որեւէ ներկայացում։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայ զոհուած է Ապտուլ Համիտ Բ.ի նախաձեռնած կոտորածներուն ընթացքին, զորս իրենց աւարտին հասցուց ժամանակակից Թուրքիոյ հայրը՝ Քեմալ Աթաթուրքը»,- կը գրէ աղբիւրը։