Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան հաւաքին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունուար 28ին, Փարիզի մէջ, պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը:
Ըստ «Նուվել տ'Արմէնի»ի՝ սոյն միջոցառման ընթացքին տեղի պիտի ունենայ «2015. Ցեղասպանութեան 100-ամեակ» ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը: