Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Յունուար 21ին «Սապահ»ի մէջ գրաւոր լուսաբանութիւն մը հրատարակած է Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին կապակցութեամբ եւ «պատմական» կոչ մը ըրած է աշխարհի ամբողջ հայութեան։ Թէեւ շատ ալ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ կը սպասուի այդ կոչէն կամ ի՛նչ կը թելադրուի գործնական գետնի վրայ, սակայն անոր մէջ վարչապետը մասնաւորաբար կանգ կ'առնէ Էրտողանի կողմէ անցեալ տարի Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ արտասանուած ցաւակցութեան վրայ։

Տաւութօղլու եւս 1915ի տեղահանութիւնը կոչած է «պատերազմական պայմաններու բերումով պարտադիր տեղափոխութեան քաղաքականութիւն»։ Այս յորջորջումէն մեկնելով՝ վարչապետը ըսած է, որ Թուրքիա նախապէս ալ ընդունած է, որ այդ քաղաքականութիւնը ստեղծեց անմարդկային հետեւանքներ եւ թէ Թուրքիա ներկայիս բաժնեկից է հայ ժողովուրդի ցաւերուն։

Վարչապետը գովասանքով խօսած է Հրանդ Տինքի մասին՝ դիտել տալով, որ ան Անատոլուի արժէքաւոր զաւակ մըն էր, որ բնաւ չէր զիջեր թէ՛ իր հայկական ինքնութենէն, թէ՛ Թուրքիոյ նկատմամբ իր հաւատարմութենէն։ «Ան իր սիրտն ու ուղեղը դրած էր թուրք-հայ բարեկամութեան վերստեղծման նպատակին մէջ»,- գրած է ան։ Տաւութօղլուն կոչ ըրած է, որ թուրք-հայ բարեկամութեան հաւատացողները ամէն ինչ ընեն, որպէսզի այս բարեկամութիւնը իրականանայ։ «Կ'ակնկալենք, որ մեր հայ բարեկամները աւելի յաճախ Թուրքիա այցելեն եւ փոխադարձաբար ջնջեն իրենց նախապաշարումները։ Թուրքիա պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ հայ մշակոյթի մնացորդացին եւ պիտի շարունակէ իրենց իրաւունքը լրիւ տալ բոլոր այն հայ անձնաւորութիւններուն, որոնք իրենց արժէքաւոր նպաստը բերած են օսմանեան-թուրք մշակոյթին»,- գրած է Տաւութօղլու։