Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Կալիփոլիի 100-ամեակի նշումին վերաբերող պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւնը բոլորովին յանկարծակի չէ: Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր առիթներով  այս յոբելեանին ակնարկութիւններ կատարած էին եւ նշումի որոշ նախաբան փոխանցած:

Հիմա այլեւս պարզ է, որ Կալիփոլին` իբրեւ հակակշիռ գործողութիւն, պետական յատուկ տարողունակութեամբ կը կիրարկուի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին դէմ: Անշուշտ, նախ եւ առաջ, 100-ամեակի երեւանեան նշումները շուքի մէջ ձգելու  նպատակ կը հետապնդէ Կալիփոլին, եւ միեւնոյն օրուան ընտրութիւնը շատ թափանցիկօրէն կը մատնէ առնուած քայլին բուն շարժառիթը:

Ուրեմն, 24 ապրիլի օրը աշխարհի պետութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են Թուրքիա` յիշատակելու համար Կալիփոլիի յաղթանակը եւ այդ յաղթանակին համար ինկած զոհերը:

Ճիշդ այստեղ է, որ Էրտողանի քարոզչաքաղաքական այս գործողութիւնը հայկական առումով կը կապուի առաջինին` «ընդհանուր ցաւ»-ին կամ հայ եւ թուրք զոհերու ընտանիքներուն ուղղուած նշանաւոր «ցաւակցագիր»-ին: Կալիփոլիի պատերազմին թրքական բանակներուն մէջ թուրքերու կողքին եղած են նաեւ թրքահպատակ այլազգիներ, որոնց շարքին` նաեւ ազգութեամբ հայեր: Զոհերու յիշատակումը եւս այստեղ ընդհանուր է թէ՛ թուրք եւ թէ՛ հայ, որոնք կռուած են «ընդհանուր հայրենիք»-ին` Թուրքիոյ համար: Կը թուի, թէ հայն ու թուրքը միեւնոյն քաղաքացիական հասարակութեան, միեւնոյն բանակին եւ միեւնոյն հայրենիքին պատկանելիութեան էրտողանական այս քարոզչութիւնը կը պահէ որոշ հետեւողականութիւն, սկսելով ցաւակցագիրէն անցնելու համար Կալիփոլի եւ այս բոլորին մէջ` ընդհանուր ցաւը կիսելու մնայուն մօտեցումի ընդգծում:

Այս հիմնաւորումով ալ Կալիփոլիի 100-ամեակին հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի նախագահը: Այստեղ արդէն պարզ կը դառնայ, որ հրաւէրին հրաւէրով պատասխանելու քայլն է, որ կ’առնէ Ծիծեռնակաբերդ հրաւիրուած Թուրքիոյ նախագահը:

Կալիփոլիով չ’աւարտիր անշուշտ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարողութիւնը սահմանափակել ուզող Անգարայի ծրագիրը: Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ցեղասպանութեան թրքական տարբերակներով նշումներ` ցուցադրելու համար Անգարայի հանդուրժողականութիւնը աշխարհին: Կը հետեւի «մշակութային դիւանագիտութիւն» բանաձեւով հրապարակ իջած տարբեր նախաձեռնութիւններու  կազմակերպման ծրագիրին գործադրութիւնը:

Չէ բացառուած, որ միեւնոյն պետութիւնը` հաւասար հեռաւորութիւն կամ հաւասար մօտիկութիւն ճշդելու ընկալեալ քաղաքականութեամբ, ապրիլ 24-ի օրը պատուիրակներ ուղարկէ թէ՛ Անգարա եւ թէ՛ Երեւան:  Այս մէկը, որքան ալ անհանգստացնէ հայկական կողմը, յամենայն դէպս չի փարատեր Անգարայի մտահոգութիւնը` ապրիլ 24-ի օրը Երեւանը դատարկելու: Եթէ Անգարան տակաւին նոր կը ձեռնարկէ պետութիւններուն հրաւէրներ յղելու իր որոշման, Երեւանը արդէն հրաւէրներուն ընդառաջելու հաստատումներ ստացած է տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներէն:

Կասկած չկայ, որ Կալիփոլին հակազդեցութիւն է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Կասկած չկայ նաեւ, որ 100-ամեակը լրջագոյն մարտահրաւէր-մղձաւանջ դարձած է Անգարայի համար, որ պետական բարձրագոյն մակարդակով եւ աշխարհին ուղղուած հրաւէրներով կ’ուզէ հակակշիռ քայլերու դիմել: Այս ծրագիրը վեր է Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականին իրաւասութիւններէն, ինչ որ անգամ մը եւս կ’ընդգծէ հայազգի խորհրդականին սոսկ ազգային պատկանելիութեան փաստին շահարկումը Անգարայի կողմէ:

Այստեղ արդէն շրջուած է կանոնը: Այս անգամ հայկական կողմն է նախաձեռնողականութեամբ հանդէս եկողը, եւ Անգարան է հակազդողը: Կալիփոլին ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ Սարգսեանին հրաւէր` ընդդէմ Էրտողանի հրաւէրին:

Հայկական կողմը այս մրցադաշտին մէջ ունի հիմնական առաւելութիւն: Անգարան կրնայ ապրիլ 24-ին որոշակի շուքով եւ տարողունակութեամբ  նշել Կալիփոլիի 100-ամեակը: Բայց Կալիփոլին չի  կրնար ապահովել Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի աշխարհագրութիւնը: Դժուար թէ, Թուրքիայէն դուրս, աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ նշուի Կալիփոլիի 100-ամեակը: Տակաւի՛ն. սփիւռքի կազմակերպ համայնքները իբրեւ կամուրջ պիտի մասնակցին տուեալ պետութեան եւ Երեւանի միջեւ այս պարտադրուած մրցումին` աշխուժօրէն ապահովելու համար համաշխարհային ներկայացուցչութիւն Երեւանի մէջ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Այս առումով Հայաստան-սփիւռք համակարգաւորուած աշխատանքները  որոշ ճամբայ կտրած են արդէն: Շուտով կը գումարուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի նիստը: Նման  ձեւաչափով գումարուող ժողովները ոչ միայն տեղի ունենալիք ձեռնարկներու համակարգումով պիտի զբաղին, այլ նաեւ` ռազմավարական եւ հեռանկարային խնդիրներու քննարկումով եւ կատարուելիք աշխատանքներու ճշդումով: Անոնց շարքին նաեւ` թրքական այս հակազդեցութիւնները չէզոքացնելու խնդիրներով: Հասունցած է Համահայկական խորհուրդը կեանքի կոչելու առաջադրանքի իրականացման պահը: