Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Թրքական «Սէօզճու» պարբերականը կը գրէ, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ դէմ հայկական կողմէն հնչած մեղադրանքները աւելցած են, «սակայն, այսպէս կոչուած Ցեղասպանութենէն 100 տարի անցած է, Թուրքիա տակաւին այդ պնդումներուն դէմ պայքարելու համար ռազմավարութիւն չէ մշակած»:

Թերթին խօսքերը հաստատած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան, թոշակառու դիւանագէտ Շիւքրիւ Էլեքտաղ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հայերը իրականութեան մէջ յոյս ունի՞ն, որ պիտի կարենան Թուրքիայէն հողեր ստանալ, նախկին դեսպանը յիշեցուցած է, որ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ կը խօսուի այդ մասին, եւ այդ գաղափարը Հայ դատի հիմքն է:

«Այդ հարցը արդէն 99 տարիէ ի վեր մեր օրակարգին վրայ է, եւ ատոր պատճառը այն է, որ Արեւմուտքի երկիրները ատոր նկատմամբ քաղաքական մօտեցում կը ցուցաբերեն: Օրինակ` Ցեղասպանութեան պնդումները ֆրանսացի քաղաքական գործիչները կ'օգտագործեն Թուրքիոյ` Եւրոպական միութիւն մուտքը կանխարգիլելու համար», ըսած է դիւանագէտը:

Ան ընդգծած է, որ «հայկական պնդումներուն դէմ պայքարը» արդիւնք չի տար, որովհետեւ Թուրքիա համապատասխան ռազմավարութիւն չունի:

Նախկին դեսպանը նաեւ նշած է, որ հայերը կրնան միջազգային ընտանիքին ապացուցել, որ իրենք զոհ են, եւ ատիկա կ'ընեն ծրագրաւորուած ու լաւ աշխատանքի, ինչպէս նաեւ հոյակապ նուիրուածութեան շնորհիւ:

«Թուրքիան ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ պայքարի հարցին մէջ Հայաստանի պնդումները ընդունիլ տալէ խուսափելու համար պէտք է ռազմավարութիւն մշակէ: Հայերը քաղաքական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան, եւ քաղաքական առաւելութիւնը ամէն անցնող օր աւելի կ'աճի: Թուրքիան, սակայն, ոչինչ կ'ընէ, որուն պատճառով ալ կորուստներ կ'ունենայ», ըսած է ան: