Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Սուրիոյ Գլխաւոր Մուֆթի՝ տոքթ. Ահմատ Պատր Ատտին Հասսունը եւ Սուրիոյ Կրօնից Նախարար՝ տիար Մուհամմատ Ապտ Ուլ Սաթթար Ալ Սայէտը՝ Իսլամ կրօնաւորներու եւ ուսուցիչներու պատուիրակութեամբ մը այցելեցին Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարանը: Պատուաւոր հիւրերուն ընդունեցին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Դամասկոսի Ազգային Իշխանութեան անդամները: Այցելութիւնը կը կայանար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս, որուն մեկնարկը յայտարարուեցաւ, 6 Յունուար 2015-ին, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրիոյ Մուֆթին եւ Կրօնից Նախարարը այս այցելութեամբ յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առթիւ, դատապարտելով ոճրագործ թուրքին կատարած ցեղասպանութիւնը:

 

Դիւան Ազգ Առաջնորդարանի

Դամասկոս, 13 Յունուար 2015