Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Արցախը պատրաստ է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգոր Մարտիրոսեան:
«Միասնութեան ջահը պիտի վառի օրեր անց՝ Օգոստոս 6-ին:
Մարզամշակութային յագեցած ձեռնարկներ, որոնք այս օրերուն պիտի վկայեն մեր ամբողջականութեան, ազգային արժէքներուն ու աւանդոյթներուն հաւատարմութեան մասին:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներ կ՝աւարտին: Ս. Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ալ կը շարունակուին գեղարուեստական, տօնական ծրագրի փորձերը»,- գրած է ան:
Նշենք, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան խորհուրդով համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը պիտի ընթանան Օգոստոս 5-17:
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 6- ին՝ Ստեփանակերտի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, փակումը պիտի կայանայ Օգոստոս 17-ին՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ: Խաղերուն կարգախօսն է՝ «Միասնութիւն՝ սփորթով»: