Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Դէպի Արեւմտեան Հայաստան զբօսաշրջութեան պտոյտներ կազմակերպող ընկերութիւններէն մէկուն տարածած տեղեկութեան համաձայն՝ Կարս քաղաքին մէջ քանդուած է այն կառոյցը, որ աւանդաբար համարուած է հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տունը:
Ամէն տարի հազարաւոր հայ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն Կարսի բերդի ներքեւի հատուածին մէջ գտնուող այդ շինութեան վայրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու համար հանճարեղ բանաստեղծին յիշատակին: