Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Միջազգային Global Fire Power հետազօտական ընկերութիւնը հրապարակած է աշխարհի երկիրներու 2018ի վարկանշային ցանկը՝ ըստ ռազմական հզօրութեան մակարդակի:
Տուեալ ցանկը կը կազմուի մասնագէտներու կողմէ, որոնք նկատի կ՛առնեն 55 գործօններ իւրաքանչիւր երկրի համար: Այս տարի վարկանշային աղիւսակը ընդգրկած է 136 երկիրներ:
Հայաստան ռազմական հզօրութեան վարկանշային աղիւսակին վրայ գրաւած է 84րդ տեղը՝ նախորդ տարուան ցուցանիշը բարելաւելով 9 կէտով:
Նշենք, որ նոյն աղիւսակին վրայ Վրաստան կը գտնուի 82րդ հորիզոնականին վրայ, Ատրպէյճան՝ 53րդ, Թուրքիա՝ 9րդ:
Աղիւսակի առաջատար երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Գերմանիա: