Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 23 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ Պաքու պատրաստ է շարունակելու Արցախի հակամարտութեան շուրջ առարկայական բանակցութիւնները, որոնց նպատակն է սկսիլ տագնապին հանգրուանային կարգաւորման:
«Կը յուսանք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական կամք կը դրսեւորէ՝ գործող ձեւաչափի ծիրին մէջ, արդէն յայտնի օրակարգի հիման վրայ բանակցային գործընթացը շարունակելու համար: Եթէ հետեւիք վերջերս կատարուած բանակցութիւններու ընթացքին՝ կը տեսնէք, որ նոյնինքն Պաքուն է, որ բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է երկխօսութեանց մէջ յառաջխաղացք ապահովելու կարեւորութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ դադրեցնել Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը եւ հարկադրաբար տեղահանուածները վերադարձնել իրենց տուները», աւելցուց նախարարը:
Մամետեարով նաեւ նշեց, որ Տուշանպէի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի այդ օրերու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցը ցոյց կու տայ բովանդակալից բանակցութիւններու Պաքուի պատրաստակամութիւնը: