Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստան, ըլլալով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան (ՖԵՄԿ) անդամ, կրնայ դառնալ մասնիկը եւ անդամը հսկայական տարածքի մը, որ իր նպատակները ունի ե՛ւ անվտանգութեան ու կայուն զարգացման, ե՛ւ երկխօսութեան մակարդակով: Այս մասին Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան:
Անոր խօսքով` Հայաստան ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին ընտրած է կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը` ապրիլ միասին, համերաշխութեան մէջ, եւ սա կարեւորագոյն պայմանն է բարգաւաճման եւ խաղաղութեան համար: «Մենք շատ ուրախ ենք ու երջանիկ, որ Հայաստանը կը հիւրընկալէ այս գագաթնաժողովը: Մեծ հաճոյք է ըլլալ Հայաստան որպէս ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղար»,-ըսած է ան:
Ժան նշած է, որ ֆԵՄԿ ծիրէն ներս կարեւոր որոշումներ պիտի ընդունուին: Գագաթնաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ այն թեկնածուներու հարցը, որոնք կը ցանկան միաւորուիլ ֆՄԵԿ-ին:
Միշէկ Ժան իր այցի ծիրէն ներս եղած է Ծիծեռնակաբերդ, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ: «Ես երջանկութիւնը ունեցայ Թումոյի մէջ խօսելու երիտասարդներու հետ եւ տեսնելու, թէ ինչպէս անոնք կը ստանձնեն այս թաւշեայ յեղափոխութեան սերունդը ըլլալու պատասխանատւութիւնը: Անոնք հիանալի եւ շատ ճարտար կը տիրապետեն ֆրանսերէնին»,-նկատած է ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղարը: