Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզանքի փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան յայտնեց, որ այս ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան մուտք պիտի գործեն 2441 աշակերտներ:
Շնորհաւորելով բոլոր աշակերտներն եւ ուսուցիչները գալիք տօնին` գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ, Մ. Համբարձումեան ըսած է. «Առանձնակի ջերմութեամբ կը ցանկամ շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք առաջին անգամ մուտք կը գործեն ուսումնական հաստատութիւն: Դպրոցականներուն եւ ուսանողներուն կը մաղթեմ նորանոր գիտելիքներու ձեռքբերում, իսկ մանկավարժներուն, որոնց վստահուած է սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան դժուարին, բայց պատուաբեր առաքելութիւնը` ստեղծագործական ուժ ու կորով եւ յաջողութիւններ: Ժամանակակից աշխարհի մէջ բանիմաց ու բարեխիղճ մասնագէտը պետութեան հարստութիւնն է»: