Աղբիւր՝ www.asbarez.com
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքու կը մերժէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցելու Երեւանի առաջարկը:
«Ատիկա ընդհանրապէս անընդունելի է, եւ այդպիսի առաջարկ ներկայացնող երկիրը անկասկած գիտէ, որ անիկա պիտի չընդունուի: Միւս կողմէ, այդ առաջարկը երբեք պիտի չընդունուի միջնորդներուն կողմէ», պնդած է ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի մէջ կը լսեն Հայաստանէն հնչող խաղաղութեան կոչերը եւ Ատրպէյճանի մէջ եւս խաղաղութիւն կ՛ուզեն: «Անշուշտ, մենք ալ խաղաղութիւն կ՛ուզենք, սակայն մենք մեր հողերը կ՛ուզենք: Մինչեւ որ մեր հողերը չվերադարձուին, խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, եւ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը պէտք է ատիկա լաւ հասկնայ», յայտարարած է ան եւ աւելցուցած. «Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը շարունակէ զբաղիլ բանակցութիւններու ձգձգումով, մենք պիտի շարունակենք մեր մեկուսացնող քաղաքականութիւնը՝ օգտագործելով բոլոր միջոցները՝ ալ աւելի ցնցելու համար Հայաստանը»:
Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ալիեւ նաեւ պնդած է, թէ Ատրպէյճան նկատառելի դեր խաղցած է Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան մէջ:
«Առաջին հարուածը, որ առաջնորդեց անոր տապալման եւ քաոսի մատնուելուն, տրուեցաւ երկու տարի առաջ: Ապրիլի ճակատամարտները ամբողջովին ականահարեցին անոր փտած հիմերը, ապա, ոճրագործ խունթայի վարչակարգը սկսաւ ուղղուելու դէպի քաոս: Ոչ ոք պէտք է մոռնայ ատիկա»: