Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին բացայայտած է կազմակերպութեան այս տարուան գործունէութեան 12 գլխաւոր ուղղութիւնները:
Ան յիշեցուցած է, որ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ իր առաջին տարուան ընթացքին, մարդկութիւնը դժ-բախտաբար յատկանշական յառաջխաղացք չէ կատարած դէպի խաղաղութիւն:
«Հակամարտութեանց կարգաւորման համար անհրաժեշտ է դիմակայել ազգայնամոլութեան վտանգաւոր ալիքին եւ աշուժացնել համապատասխան միջնորդական նախաձեռնութիւնները, ներառեալ՝ արեւելեան Ուքրանիոյ հարցով Եռակող շփման խմբակի աշխատանքները, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի, Վրաստանի վերաբերեալ՝ Ժընեւի միջազգային բանավէճի լուծման, իսկ Մերձտնեսթրի հարցով՝ «5+2» գործընթացի աշխատանքները», ընդգծած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը: