Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով յայտնաբերուած են մինչ օրս անյայտ շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկարներ՝ Մուսա Լերան հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերու միջոցով տեղահանելու տեսարաններով: Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են Սեպտեմբեր 1915ին, ֆրանսական նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:

Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին Ապրիլ 2018ին:

Քանի մը օրէն բոլորս միասին կը թեւակոխենք նոր 2018 թուական: Անցնող տարին մենք արձանագրեցինք, ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական բազմաթիւ երեւոյթներ: Ունեցանք ձեռքբերումներ ու պարտադրուած նահանջի պահեր: Անկոտրուն պահեցինք մեր ոգին արդարութեան հաստատման ձգտման մէջ:
Միասնական ջանքերով ձգտեցանք դարձնել մեր շրջանը աւելի ապահով, բարեկեցիկ եւ ուժեղ, ուր քաղաքակիրթ երկրի շրջանին վայել կը յարգուին մարդու բոլոր իրաւունքները: Մեր բոլորի համոզումը ու երազանքը անցնող տարի եւս անփոփոխ էր, կառուցել զարգացող ժողովրդավարական երկիր, հզօր տնտեսութեամբ ու օրէնքի գերակայութեամբ, ուր կը յարգուին երկրի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն բոլոր իրաւունքները:
Անցնող տարուան դրական ձեռքբերումներէն կարելի է առանձնացնել Վրաստանի նոր սահմանադրութեան մէջ երկքաղաքացիութեան մասով փոփոխութիւնը: Շնորհիւ երկրի իշխանութիւններուն խոհեմ քաղաքականութեան, այդ խնդիրը մէկընդմիշտ լուծուած կարելի է համարել, եթէ ի հարկէ քաղաքացիութիւն կորսնցուցած անձեր դիւրութեամբ կարենան վերականգնել իրենց նախկին քաղաքացիութիւնը: Ատիկա Վրաստանի մէջ անկասկած պիտի ուրախացնէր քաղաքացիութեամբ կիսուած բազմաթիւ ընտանիքներ: Ձեռքբերումներուն մէջ ինչպէս չնկատենք նաեւ վարչապետ Կիորկի Գվիրիգաշվիլիի վերջերս ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որուն Վրաստանի զուիցերիական SGS ընկերութեան հետ պայմանագիր ստորագրուած է, որուն համաձայն Վերին Լարսի մէջ անբարենպաստ պայմաններու պարագային Հայաստանը Վրաստանէն դէպի Ռուսիա հաղորդակցութիւնը կրնայ իրականացնել ինքնահռչակ Հարաւային Օսէթիայի եւ Աբխազիոյ տարածքով: Տուեալ խնդիրին մասին կը խօսուէր քսան տարիէն աւելի, որ կարծես անիրականանալի կը թուէր շատերուն:
Դրական ձեռքբերումներուն մէջ կարելի է նաեւ շեշտել մեր եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու սերտացումը եւ հայկական սփիւռքի կողմէ Ջաւախքի խնդիրներուն հանդէպ ուշադրութեան զգալի աճը, հակառակ անոր որ այդ ասպարէզին մէջ դեռ կան հսկայական ընելիքներ:
Դժբախտաբար անցնող տարին մենք բոլորս միասին արձանագրեցինք նաեւ բացասական երեւոյթներ, որոնք յատկապէս կապուած էին որոշ «վիճելի» համարուող եկեղեցիներու շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակով: Նման հարցերու մէջ մեր զիջողական մօտեցումը պէտք է լուրջ վերանայման ենթարկուի եւ ատիկա պէտք է տեղի ունենայ հասարակութեան ներգրաւման միջոցով: Բացասական երեւոյթներու շարքին պէտք է դասենք նաեւ թրքական գործօնի ա՛լ աւելի հզօրացման փաստը Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանին մէջ, որուն հակազդելու համար հայկական ու վրացական կողմը ոչինչ ձեռնարկած է: Այդ մասին բազմիցս անդրադարձած ենք մեր լրատուամիջոցներով:
Նաեւ հարկ է նշել, որ անցնող տարին, ինչպէս եւ նախորդներուն, հայ ազգաբնակչութեան  ներկայացուցիչներու քանակը չէ աւելցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, որ երկու հասարակութիւններուն ընդելուզման համար կը ստեղծէ լուրջ խոչընդոտներ: Օրինակի համար Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետարանին մէջ մինչեւ հիմա աշխատանքի չէ ներկայացուած ո՛չ մէկ հայ ներկայացուցիչ, հակառակ անոր որ Ջաւախքի մէջ հայերը կը կազմեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Գրեթէ նման իրավիճակ է նաեւ Ախալցխայի քաղաքապետարանին մէջ, ուր ազգային փոքրամասնութիւններուն ներկայացուածութեան աստիճանը չափազանց փոքր է եւ բացարձակ չի համապատասխաներ շրջանի ցեղական նկարագիրին:
Այս եւ այլ տեսակի դեռ չլուծուած խնդիրներու հետ միասին պէտք է փաստենք, որ Վրաստանը վստահ քայլերով կը շարժի դէպի Եւրոպա, յանուն ինչի մեծ փոփոխութիւններ կ՝իրականացնէ երկրի մէջ, որ անկասկած  լաւատեսութիւն կը ներշնչէ երկրի ապագային հանդէպ:
 
Սամցխէ-Ջաւախքի մետիա վերլուծական կեդրոն