Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Համաշխարհային զբօսաշրջութեան յայտնի Fodor`s տեղեկատուական կայքը, 2018 թուականի տասը նախընտրելի զբօսաշրջային ուղղութիւններուն մէջ ներառած է նաեւ Հայաստանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Panorama.am-ը՝ յղում կատարելով`  Nouvelle d`Armenie-ին:

«Ան փոքրիկ, հիւրընկալ կովկասեան երկիր է, որ ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն»,-նշած է կայքը եւ կոչ ընեկով զբօսաշրջիկներուն` այցելելու Հայաստան: «Հայաստանը բնութեան զբօսաշրջութեան համար երազանքի երկիր է, այստեղ արշաւներու միջոցով դուք կրնաք տեսնել երկրի զարմանահրաշ բնութիւնը… Երեւանը 3000 տարեկան է, բայց անիկա կը քալէ աշխարհին համընթաց` իր բազմաթիւ նոր գինետուներով, խանութներով, ճաշարաններով, որ բաց են ամէն օր»,- նշուած է կայքին մէջ:

Fodor`s-ի փորձագէտները խորհուրդ կու տան Հայաստան այցելելու գարնան կամ աշնան, երբ կը կազմակերպուին փառատօններ` բաց երկնքի տակ: