Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Աւստրալիոյ Կանաչներ կուսակցութիւնը իր կուսակցական քաղաքականութեան ծրագիրին մէջ ներառած է Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքը:
Կանաչներ կուսակցութիւնը, որ նաեւ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կոչ ըրած է կառավարութեան՝ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ զօրացնելու Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ու անոր քաղաքացիներուն հետ:
«Աւստրալիոյ Կանաչները կ՛արձանագրեն Լեռնային Ղարաբաղի գործադրած ջանքերուն՝ ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու օրինաւոր խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ շարունակական աշխատանքներուն՝ պատասխանատու կառավարութիւն ունենալու հարցով», կ՛ըսուի կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան ողջունած է կուսակցութեան որոշումը՝ նշելով, որ Արցախ հազարամեակներ շարունակ եղած է հայկական հայրենիքի մէկ մասը: Աւստրալիոյ մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւս Արցախի կառավարութեան անունով ողջունած է կուսակցութեան այս որոշումը:
«Սա իսկապէս պատմական ճանաչում է: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն 26 տարի է որ կ՛ապրի անվտանգութեան մնայուն սպառնալիքի տակ: Այդուհանդերձ, ան կրցած է կառուցել ժողովրդավարական պետութիւն, որ կը սպասէ աշխարհի կողմէ ճանաչման», ընդգծած է Միքայէլեան:
Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ Աւստրալիոյ Կանաչները ներկայացուած են ինը ծերակուտականներով, իսկ Ներկայացուցիչներու տան մէջ ունին մէկ անդամ: