Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հայաստանի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատւիրակութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ կըսւի.
«Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի յոբելենական քսանհինգերորդ տարին ըլլալով, Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած լիագումար նիստին ընթացքին աննախադէպ երեւոյթի ականատես եղանք:
Վեհաժողովի քսանհինգերորդ յոբելենական նիստի բացման սկիզբը, երբ պատւիրակութիւններու անդամները շուրջ մէկ ժամ կը սպասէին դահլիճին մէջ, պարզւեցաւ, որ բոլոր պատւիրակութիւններու ղեկավարները ՍԾՏՀ ԽՎ գլխաւոր քարտուղարին եւ Ուքրանիոյ պատւիրակութեան ղեկավարին նախաձեռնութեամբ առանձնացած են եւ հարց մը կը քննարկէին:
Այդ քննարկման չէր հրաւիրւած միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատւիրակութեան ղեկավարը: Ասիկա մենք կորակենք իբրեւ վիրաւորանք ոչ միայն հայկական պատւիրակութեան, այլեւ բոլոր պատւիրակութիւններուն եւ ընդհանուր կառոյցին հանդէպ:
ՍԾՏՀ ԽՎ-ի քսանհինգամեայ պատմութեան ընթացքին այսպիսի դէպք երբեք չէ եղած, եւ մենք այդ գործելաոճը կը գնահատենք իբրեւ կառոյցի աւանդոյթներուն եւ էութեան ոտնահարում: Այսպիսի աշխատաոճը անընդունելի եւ դատապարտելի է որեւէ խորհրդարանական վեհաժողովի համար: Իբրեւ բողոքի նշան՝ հայկական պատւիրակութիւնը լքած է վեհաժողովի դահլիճը:
Յետագային պարզւեցաւ, որ վերոյիշեալ քննարկման արդիւնք հռչակագիրին մէջ տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն վերաբերեալ մտցւած է փոփոխութիւն, որ ամբողջովին կը հակասէ միջազգային իրաւունքի՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի համալիր սկզբունքին:
ՍԾՏՀ ԽՎ-ի մէջ հայկական պատւիրակութիւնը բոլոր պատւիրակութիւններուն կոչ կընէ չյանձնւելու սադրանքներու, տնտեսական կառոյցը չծառայեցնելու որոշ պետութիւններու քաղաքական շահերուն, դատապարտելու այսօրինակ գործելաոճը եւ վերադառնալու կառուցողական համագործակցութեան դաշտ, ինչ որ կը բխի ՍԾՏՀ ԽՎ-ի էութիւնէն եւ աւանդոյթներէն»:
Ի հեճուկս Հայաստանի ՍԾՏՀ ԽՎ 25-ամեակի առիթով մշակւած այս հռչակագիրին մէջ ներմուծւած է դրոյթ մը‘ տարածաշրջանի հակամարտութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, ուր հակամարտութեան լուծման միջազգային 3 հիմնարար սկզբունքներէն միայն տարածքային ամբողջականութիւնը կը նշւի: