Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ մեկնաբանած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի կողմէ «Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղ»ին մասին արտայայտուած միտքերը:
Ան Մայիս 31ին յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին Քասուլիտեսի խօսքերը կը հակասեն «միջազգային իրաւունքի սկզբունքներ»ուն եւ կը նպաստեն Պաքուի դէմ Հայաստանի «յարձակողապաշտ եւ բռնագրաւի»չ քաղաքականութեան խրախուսման, միաժամանակ՝ վնաս կը հասցնեն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին։
Նշենք, որ Կիպրոս այցելած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Քասուլիտես յայտարարած էր, որ սխա՛լ է զուգահեռներ գծելը բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, քանի որ՝ «ի տարբերութիւն Հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած են»: