Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ալժիրական յայտնի MENADEFENSE կայքին մէջ Արցախի մասին յօդուած հրապարակուած է` վերնագրուած «Լեռնային Ղարաբաղ` հիւսիսային շփման գիծի վրայ»:
Յօդուածին հեղինակը լրատուամիջոցի յատուկ թղթակից Թարէք Հաֆիտն է (Tarik Hafid), որ վերջերս այցելած էր Արցախ` «Օրագրողներու (blogger) միջազգային համաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Ստորեւ «Արցախփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածի համառօտ թարգմանութիւնը․
Լեռնային Ղարաբաղ. հիւսիսային շփման գիծի վրայ
Ինչո՞ւ պատերազմ է աշխարհի մէջ, ինչո՞ւ պատերազմի մասին չեն խօսիր հեռուստատեսութեամբ:
Ինչո՞ւ այն ժամանակ, երբ Լիպիան, Իրաքն ու Սուրիան կրակի ու արեան մէջ են այդպիսի լուսանցային հակամարտութեան կարգաւորումը կը յետաձգուի:
Ինչո՞ւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները պատմական անդրադարձ չեն ունենար ռազմավարական հակամարտութիւններուն, լրատուութեան այս տեսակները միջոցներ չունին վերահսկելու ոչ բուռն պատերազմները երկար ժամանակով, մինչդեռ հակամարտութեան այս տեսակը խորիմաստ, էթնիկ, կրօնական, աշխարհառազմավարական եւ պատմական է: Լեռնային Ղարաբաղի դէպքը (Nagorni-Karabagh, ես միշտ կ՛օգտագործեմ խորհրդային անուանումը, որ երեւի կը յիշեմ ըստ ալժիրական հեռուստատեսութեան) ապշեցուցիչ է: Ան ռազմավարական տարածաշրջան է, որ կը գտնուի Մետաքսի ճանապարհի գագաթնակէտին, կազի եւ քարիւղի խողովակաշարերու խաչմերուկին, բազմաթիւ մշակոյթներու ու կրօններու խաչմերուկին (քրիստոնէութիւն, սուննիզմ, Հայ առաքելական` ուղղափառ եկեղեցի), անիկա նեղ սահման մըն է տարածաշրջանային գերտերութիւններու միջեւ` կառուցուած հնագոյն կայսրութիւններու աւերակներուն վրայ (Թուրքիա, Իրան, Հայաստան եւ Ռուսիա): Լեռնային Ղարաբաղը կամ Լեռնային սեւ այգին` որպէս անուան թարգմանութիւն, Ատրպէյճանի համար կը համարուի կարեւոր տարածք, իսկ հայերու համար` ճշմարիտ օրրան: Ան անջատուած է Հայաստանէն Ստալինի հրամանով, հաւանաբար` իր յարաբերութիւնները պահպանելու համար Մուսթաֆա Քեմալի հետ, որ կը գերիշխէր այդ տարածաշրջանին մէջ: Բայց քիչերը գիտեն, որ սա անհանգստութիւններու սկիզբն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ. մօտ 1987-ին խորհրդային զօրքերու ներթափանցումը կայծ էր, որ եւ կրնայ յանգեցուցած ըլլալ Խորհրդային Միութեան փլուզման: Պատերազմը, որ տեւած է 1992-1994-երուն յանգեցուցած է 20 հազար զոհերու երկու կողմերէ, տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներու եւ որեւէ արդիւնք չէ ունեցած աւելի քան զինադադարը, որ աստիճանաբար զինուած պայքարը վերափոխած է սառն եւ խուլ պատերազմի:
Պատերազմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Փոքր Ասիան կը դառնայ փոշիի տակառիկ` պարզապէս հաշուի առնելով զինուած անձերու ներգրաւուածութիւնը այդ մեծ տարածաշրջանին մէջ: Ռուսիոյ վերադարձը թատերաբեմ, Էրտողանի որդեգրած փանթուրանիզմը եւ Իրանը` որպէս աշխարհի շիաներու պաշտպան, կրնան փոթորիկ բարձրացնել, որ իր հերթին կրնայ թեժացնել խարոյկը Կովկասի մէջ:
Ատրպէյճանցիներու յարձակումը 2016-ի Ապրիլին կը յիշեցնէ, որ Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու միջեւ պատերազմը կրնայ սկսիլ որեւէ ատեն: Մէկ տարի ետք հակամարտող կողմերու միջեւ դեռ կը շարունակուին յարձակումներն ու լարուածութիւնը:
Թալիշի մէջ անցած տարուան պայքարի արդիւնքները դեռ ակներեւ են: Տան պատերն ու մեքենաները վնասուած էին կրատ տեսակի հրթիռներու հարուածներէն: Ըստ մամուլի տեղեկատուութեան, յարձակման վերջին փորձերը սկսած են Փետրուարին: Փետրուար 25-ի գիշերը անոնցմէ շատերը սպաննուած են Աղտամի մօտ գտնուող շփման գօտիին վրայ:
Հեղինակը իր ծաւալուն յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ դիրքեր կատարած այցելութեան եւ զինուորականներէն ստացած իր տպաւորութիւններուն մասին:
MENADEFENSE ալժիրական յայտնի առցանց լրատուամիջոց է, որ կը հրապարակէ հիմնականօրէն Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան թեմաներու վերաբերեալ տեղեկատուական նիւթեր եւ վերլուծութիւններ: