Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, այսօր` Յունուար 27-ին, մարուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հայկական բանակի կազմաւորման 25–ամեակը» թեմային նուիրուած 2 նամականիշ:
ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նամականիշներու մարման մասնակցած են ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, «Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեան եւ Երկրորդ աստիճանի Մարտական խաչի ասպետ, շարքային զինծառայող Նարեկ Մալխասեան:
Նամականիշներէն մէկուն վրայ պատկերուած են ՀՀ զինուած ուժերու զօրքերու որոշ տեսակները եւ ՀՀ զինուած ուժերու զինանշանը: Երկրորդ նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ զինուորներու շարքը` ծածանուող ՀՀ եռագոյն դրօշի եւ ՀՀ զինուած ուժերու զինանշանի համադրութեամբ:
Նամականիշներուն չափերն են 40,0 x 30,0 մմ: Ձեւաւորման հեղինակը Վահագն Մկրտչեանն է: Տպագրուած են Ֆրանսայի «Քարթօր» տպագրատան մէջ` 40000հ.x2 տպաքանակով: