Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ լիակատար աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Սեպասթիան Քուրց այս մասին ըսած է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ երդման արարողութեան ընթացքին:
Քուրց խոստացած է աջակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ` այդ գործին մէջ կարեւոր նկատելով իր անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի, ինչպէս նաեւ ծրագրաւորման խումբի ղեկավար Հանս Լամփալզերի դերը:
Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի Նախագահին Հետ
Պիտի Քննէ Արցախի Հարցը
«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 18 յունուարին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Աւստրիոյ իր պաշտօնակից եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Սեպասթիան Քուրցի հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա այս մասին ըսած է, որ «առանցքային միջազգային խնդիրները քննարկելու ընթացքին, ռուսական կողմին հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն ցոյց տալու ջանքերուն եւ Սուրիոյ իրավիճակի կարգաւորման միացեալ ու սպառիչ քայլերուն վրայ»` միաժամանակ աւելցնելով, որ կողմերը պիտի քննեն նաեւ Ուքրանիոյ, Արցախի եւ Մերձտնեսթրի տագնապներն ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը: