Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան Դեկտեմբեր 5ին մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Դեկտեմբեր 3ին կատարուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ վերջինս նշած էր Հայաստանէն տարածքային պահանջներու մասին:
Քոչարեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի անթաքոյց պահանջները՝ ՀՀ տարածքների նկատմամբ, ակնյայտ ձեւով ապացուցում են, թէ ինչո՛ւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանաչի ԼՂՀ անկախութիւնը, իսկ Ատրպէյճան պէտք է միջազգային պատասխանատուութիւն կրի ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած ռազմական բռնարարքների եւ դրա հետեւանքների համար»։
Նշենք, որ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ Ապրիլի մարտերը ցոյց տուած են, որ երկրին բանակը կարողութիւնը ունի տարածքներ «ազատագրելու»։
«Հայկական բանակին մասին առասպելը, զոր հայերը կը տարածէին երկար տարիներու ընթացքին, յօդս ցնդեցաւ: Ատրպէյճանցի զինուորը եւ սպան ցոյց տուին, թէ ինչի՛ ընդունակ են: Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է: Շուշին, Խանքենտին (Ստեփանակերտ) եւ միւս տարածքները կը շարունակեն մնալ հայկական բռնագրաւման տակ» ըսած էր Ալիեւ եւ աւելցուցած. «Մեր պատմական տարածքներու աշխարհագրութիւնը շատ ընդարձակ եղած է. Երեւանը, Կոյչէն եւ Զանգեզուրը նոյնպէ՛ս Ատրպէյճանի պատմական տարածքներն են»: