Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայ oգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի վարչութիւնը, համագործակցելով Հադրութի շրջանի ընկերային բաժինի պատասխանատուին հետ, կազմակերպութեան «Աջակցութիւն սահմանամերձ գիւղերուն» ծրագրի ծիրէն ներս Հադրութի վերաբնակեցուած եւ հեռաւոր բնակավայրերուն մէջ թիւով 3-4 բազմազաւակ ընտանիքներու ցուցաբերեց նիւթական օգնութիւն: Իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ հագուստ եւ սննդամթերքի տուփ: Հագուստները ուղարկուած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ընկերուհիներու, պարսկահայ «Թեւանիկ» խումբի եւ Մարօ, Սաթենիկ եւ Յարութիւն Ծաղիկեաններուն կողմէ: Փոխադրամիջոցը տրամադրած էր ԼՂՀ կառավարութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը: