Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Ուրբաթ, Յուլիս 8ին կոչ ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն, որ նուազեցնեն լարուածութիւնը, խուսափին բռնութեան կիրառումէն եւ շարունակեն տագնապին խաղաղ եւ հիմնաւորուած լուծում մը գտնելու նպատակով բանակցութիւնները:

«Կ՛աջակցինք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն», եզրակացուցած է Սթոլթենպերկ: