Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Երկիր Մեդիա».– Հայաստան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հռոմի Ֆրանսիս պապը նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդին համար պատմական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են։ «Մենք շնորհակալ ենք մեր հինաւուրց հողին եւ բազմաչարչար ժողովրդին օրհնութիւն բերելու համար», ըսաւ նախագահ Սարգսեան՝ յիշելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յատկանշական իրադարձութիւնները։

Անկէ ետք պապը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի իշխանաւորներուն, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն եւ այլ հրաւիրեալներու հետ։ Յատկանշական էր այն, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանսիս պապը՝ շեղելով նախապէս լրագրողներուն տրամադրուած իր խօսքի բնագիրէն, արտասանած է ցեղասպանութիւն բառը։ «Այդ ողբերգութիւնը՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ցաւօք, գլխաւորեց տխուր ցանկը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներուն», ըսաւ Հռոմի պապը, թէեւ իր խօսքին մէջ այդ բառը չէր նշուած։

Նախ խօսք առաւ Հայաստանի նախագահը, որ իւրայատուկ նկատեց պապին այցելութեան օրը՝ պատիւ սեպելով զայն հիւրընկալել «քրիստոնէութիւնը առաջինը պետականօրէն ընդունած եւ յանուն քրիստոնէական ինքնութեան ու արժէքների հազարամեայ մաքառումներով անցած հայոց հողում»: Նախագահը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ սիրոյ եւ խաղաղութեան, գթասրտութեան համամարդկային արժէքներու եւ մարդասիրական գաղափարներու նկատմամբ պապին հաւատարմութեամբ եւ հայութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ անոր մնայուն հոգածութեամբ Ֆրանսիս պապը կը վայելէ հայ ժողովուրդին մեծ յարգանքն ու հիացմունքը:

«15 տարի առաջ՝ 2001 թուականին, Նորին Սրբութիւն Հռոմի պապ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի այցը Հայաստան մեր երկրում քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700ամեակի առթիւ էր: Այսօր Ֆրանցիսկոս պապի այս պատմական այցը նշանաւորում է մէկ այլ յիշարժան տարելից՝ Հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման 25ամեակը, տօն, որ իւրաքանչիւր հայի համար նուիրական է: Հայ ժողովուրդն իր հազարամեայ պատմական սլացքում շատ դժուարութիւններ է տեսել՝ ցեղասպանութիւնից, օտարի բռնատիրութիւնից ու բարեկամի անտարբերութիւնից մինչեւ ժխտողականութիւն: Տեսել է, սակայն չի կորցրել մարդասիրութեան, հանդուրժողականութեան ու համերաշխութեան գաղափարներին հաւատալու իր կարողութիւնը: Եւ չի կորցրել իր հաւատի, դաւանած արժէքների, խաղաղասիրութեան ու նաեւ մեզ ձեռք մեկնած ու սատար կանգնած մեծ հումանիստների շնորհիւ: Ինչպէ՞ս չհաւատալ արդարութեան յաղթանակին, երբ անգամ 1915ը 2015ից բաժանող 100 տարիներից յետոյ կաթոլիկ աշխարհի սրտից աշխարհին է ուղղւում արդարադատ այն ուղերձը, որ մարդկութեանը պատուհասած զանգուածային ոճիրներից առաջինը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է եւ անհերքելի իրողութիւն. երբ անկախ ամէն ինչից կեղծիքն ու ժխտողականութիւնը սկսում են երերալ պատմական արդարութեան առաջ: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր ալիքը, որ յաջորդեց Ֆրանցիսկոս պապի կողմից մատուցուած պատարագին հէնց դա վկայեց: Մենք մեղաւորներ չենք փնտռում, մենք մեղադրանքներ չենք սփռում, պարզապէս ցանկանում ենք, որ իրերն իրենց անունով կոչուեն, ինչը թոյլ կը տայ երկու հարեւան ժողովուրդներին, ճանաչելով անցեալը, ներողամտութեամբ ու մաքուր խղճով շարժուել դէպի իրական հաշտութիւն եւ համատեղ բարեկեցիկ ապագայ», դիտել տուաւ նախագահը։

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակելու հայ ժողովուրդին որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն էր համաշխարհային պատմութեան մէջ՝ նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին համար անիկա առաւել քան ճակատագրական եղաւ, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայոց ինքնութեան դրոշմը՝ պայմանաւորելով թէ՛ մեր պատմական ուղին, թէ՛ այն արժէքներն ու կենսամշակոյթը, որոնք մեզ ուղղորդեցին դէպի 21րդ դար, դէպի ներկայ, դէպի այս ակնթարթը:

«Քրիստոնէութեան արմատները շատ խորն են հայոց հողում եւ հայ մարդու մէջ: Հաւատարիմ մնալ քրիստոնէութեանը՝ սա է հայ ժողովրդի կարեւոր նկարագիրը. պատահական չէ, որ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկրներում կարելի է հանդիպել հայկական եկեղեցիների ու խաչքարերի: Պատահական չէ նաեւ, որ կաթոլիկ եկեղեցու բարձրագոյն՝ «Տիեզերական եկեղեցու վարդապետ» տիտղոսին արժանացաւ եւ քրիստոնէութեան 36 մեծագոյն մտածողների շարքը համալրեց մեր ժողովրդի մեծագոյն զաւակներից մէկը՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Դա մեծ պատիւ էր, ազգային արժեւորման կարեւոր իրադարձութիւն, որը եկաւ կրկին փաստելու, որ Հայաստանին եւ Սուրբ Աթոռին միաւորող կապերը բխում են նոյնակունք քրիստոնէական արժեհամակարգից: Քրիստոնէութիւնը մեզ համար ո՛չ միայն դաւանանք է, այլեւ կենսակերպ. այն հայ ժողովրդի մէջ արմատաւորել է խաղաղութեամբ ապրելու ձգտումը եւ դժուարութիւնները զսպուածութեամբ ու պատուով յաղթահարելու փիլիսոփայութիւնը: Եւ որքան մենք աւելի քրիստոնեայ ենք դարձել, այնքան աւելի ենք յարգել ու արժեւորել այլոց դաւանանքը, այնքան աւելի հանդուրժող ու խաղաղասէր ենք դարձել, կարողացել ենք համերաշխ ապրել այլ ժողովուրդների հետ, ինչպէս նաեւ՝ առաւել խնամքով մեր հողում պահել այլոց հոգեւոր-մշակութային արժէքները: Միջկրօնական բարեկամական յարաբերութիւնների օրինակները շատ են. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համագործակցութիւնը ակնառու օրինակ է, կամ հէնց նոյն Մերձաւոր Արեւելքում մինչեւ վերջին տարիների անբարենպաստ զարգացումները հայ համայնքների խաղաղ ու ծաղկուն գոյութիւնը, ներդաշնակ համագոյակցութիւնը հիւրընկալ ժողովուրդների, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնների հետ դրա լաւագոյն ապացոյցն են: Մենք խոր ցաւով ենք հետեւում Մերձաւոր Արեւելքում վանդալիզմի ու այլատեացութեան դրսեւորումներին, որի միակ նպատակը այդ տարածքներից մշակութային սպանդի միջոցով պատմական յիշողութեան վերացումն է:

Ձե՛րդ Սրբութիւն, ինչպէս իրաւացիօրէն նկատել էք Ապրիլի 12ի ձեր ելոյթում, մեր այս բարդ տարածաշրջանի ժողովուրդները խաղաղութեան կարիք ունեն, խօսքն այն ժողովուրդների մասին է, որ անցեալում, չնայած տարաձայնութիւններին եւ ճնշումներին, համատեղ խաղաղ կեանքի երկարատեւ ժամանակահատուածներ են ունեցել, նոյնիսկ դժուարութիւնների մէջ աջակցել միմեանց: Այսօր էլ Հայաստանը խաղաղութեան է ձգտում, մեզ համար ցանկացած դէպքում խաղաղ բանակցելը գերադասելի է, քան կրակելը: Մենք պատրաստ ենք տարածաշրջանային խաղաղ համագոյակցութեան, որքան էլ որ դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհը դարձել է խրթին ու դժուարանցանելի: Գուցէ այն պատճառով, որ տեւական խաղաղութեան հիմքում ժողովուրդների ազատութեան ու ազատ կամընտրութեան գաղափարն է:

Ձե՛րդ Սրբութիւն, լիովին համամիտ եմ, որ «Խաղաղութիւնը որքան Աստծոյ պարգեւն է, նոյնքան էլ մարդկային ձեռքբերում է»: Ես հաւատում եմ մարդկային ձեռքբերումներին, ամէն մի վայրկեան սեփական կեանքի գնով խաղաղութիւն պահպանողներին, խաղաղութիւն պարտադրողներին: Ես լաւատես եմ. ես հաւատում եմ, որ ազատութեան եւ խաղաղութեան մասին մարդկութեան՝ դարերով փափաքած երա–զանքները մի օր իրականութիւն են դառնալու», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան։

Ֆրանսիս պապը եւս այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ մեծ ուրախութիւն նկատեց «յոյժ սիրելի հայկական աշխարհի հողին»ին վրայ գտնուիլը, այցելելը հինաւուրց եւ հարուստ աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդի մը, որ քաջութեամբ պահած է իր հաւատքը, որ շատ տառապած է, բայց միշտ ալ վերածնած։

« …Մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ, Արեւն ամռան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ, … հազարամեայ քարն … աղօթք դարձած երկաթագիր գրերը մերէ (Եղիշէ Չարենց, «Ես իմ անուշ Հայաստանի»): Ասոնք քանի մը հզօր պատկերներ են, որոնք ձեր հռչակաւոր բանաստեղծը մեզի կ՛ընծայէ՝ լուսաւորելու համար մեզ Հայաստանի պատմութեան խորութեան եւ բնութեան գեղեցկութեան մասին: Անոնք քիչ խօսքերու մէջ կ՛ամփոփեն ամբողջ ժողովուրդի մը փառաւոր եւ ողբերգական փորձառութեան արձագանգն ու խտութիւնը եւ տոգորող սէրը հայրենիքի հանդէպ», ըսաւ պապը։

Շնորհակալութիւն յայտնելով այս հրաւէրին համար, որ առիթ է փոխադարձելու նախորդ տարի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ պապը դիտել տուաւ, որ 2015ին տրուած հայկական բարձրաստիճան մակարդակի այցելութեան եւ արարողութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ 100ամեակը «Մեծ Եղեռնի, որ հարուածեց ձեր ժողովուրդը, եւ որ անչափ անհամար զոհեր պատճառեց: Այդ ողբերգութիւնը՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ցաւօք, գլխաւորեց տխուր ցանկը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու, որոնք գործադրուեցան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով, եւ որոնք մթագնեցին մարդասպաններուն միտքը, որոնք նպատակադրուեցան ոչնչացնել մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ: Յարգանքի իմ տուրքս կը մատուցանեմ հայ ժողովուրդին, որ՝ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով, նոյնիսկ իր պատմութեան ամենաողբերգական պահերուն, Քրիստոսի Խաչի եւ Յարութեան մէջ գտած է կրկին վեր յառնելու ուժը եւ արժանապատուութեամբ վերսկսելու իր ուղին: Ասիկա կ՛ապացուցէ, թէ որքան խոր են քրիստոնէական հաւատքին արմատները եւ մխիթարութեան ու յոյսի ինչ անհատնում գանձ կը պահեն իրենց մէջ: Մեր աչքին առջեւ ունենալով նախորդ դարու ատելութեան, նախապաշարումի եւ տիրելու անսանձ փափաքին պատճառած աղէտաբեր հետեւանքները, ի սրտէ կը մաղթեմ, որ մարդկութիւնը ունակ ըլլայ դաս քաղելու այդ ողբերգական փորձառութիւններէն, գործելու պատասխանատուութեամբ եւ իմաստութեամբ՝ կրկին նման սարսափներու մէջ չիյնալու վտանգը կանխելու նպատակով:

Պէտք է, հետեւաբար, բազմապատկուին բոլորին ջանքերը, որպէսզի միջազգային բանավէճերուն մէջ գերակայութիւնը տրուի երկխօսութեան, խաղաղութեան հասնելու կայուն եւ անկեղծ փնտռտուքի, պետութիւններուն միջեւ երկխօսութեան եւ միջազգային մարմիններուն նկատմամբ վստահութեան մթնոլորտ կառուցելու մնայուն ջանքերուն՝ մնայուն համաձայնութիւններու հասնելու նպատակով: Կաթողիկէ եկեղեցին կը փափաքի աշխոյժ կերպով համագործակցիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք իրենց սրտին մօտ կը նկատեն քաղաքակրթութիւններու ճակատագիրները եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքը՝ աշխարհին մէջ հոգեւոր արժէքներու գերակայութիւնը ապահովելու համար՝ դիմակազերծելով բոլոր անոնց, որոնք կ՛աղաւաղեն անոնց իմաստն ու գեղեցկութիւնը: Այս առումով կենսական կարեւորութիւն ունի այն փաստը, որ բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն իրենց հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, միատեղեն իրենց ուժերը՝ մեկուսացնելու բոլոր անոնք, որոնք կրօնը կը ծառայեցնեն պատերազմական ծրագիրները յառաջ տանելուն, հարստահարութեան եւ բռնի հալածանքին գործիք դարձնելով եւ շահարկելով Աստուծոյ Սուրբ Անունը: Այսօր, յատկապէս քրիստոնեաները, գուցէ առաւել քան առաջին մարտիրոսներուն ժամանակներուն, որոշ տարածքներու մէջ խտրականութեան զոհ են եւ կը հալածուին սոսկ իրենց հաւատքը դաւանելու համար, մինչդեռ բազմաթիւ հակամարտութիւններ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տակաւին դրական լուծումներ չեն գտած՝ պատճառելով սուգ, աւեր եւ ժողովուրդներու պարտադրուած գաղթ:

Ուստի, անհրաժեշտ է, որ ազգերուն ճակատագիրին պատասխանատուները քաջաբար եւ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկեն՝ այդ տանջանքներուն վերջ դնելու նպատակով՝ առաջնահերթութիւն տալով խաղաղութեան, հետամուտ ըլլալու բռնութիւններու եւ հետապնդումներու թիրախ դարձածներուն պաշտպանութեան եւ հիւրընկալման, արդարութեան խթանման եւ կայուն զարգացման:

Հայ ժողովուրդը անձամբ վերապրած է նման իրավիճակ, ծանօթ է տառապանքին ու ցաւին, ծանօթ է հալածանքին, իր յիշողութեան մէջ կը պահէ ո՛չ միայն անցեալի վէրքերը, այլ նաեւ ոգին, որ թոյլ տուաւ ամէն անգամ նորէն սկսելու: Այդ իմաստով կը քաջալերեմ զայն, որպէսզի երբեք չդադրի իր արժէքաւոր ներդրումը բերել է միջազգային հանրութեան: Այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձը: Երջանիկ պահ է ուրախանալու եւ առիթ՝ յիշելու նուաճած ձեռքբերումները եւ առաջադրելու նորանոր նպատակներ: Այս ուրախ յոբելեանի տօնակատարութիւնները առաւել իմաստալից պիտի ըլլան, եթէ բոլոր հայերուն համար՝ հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի, առիթ ըլլայ ուժերը համախմբելու եւ համակարգելու՝ երկրի քաղաքացիական եւ հասարակական հաւասարակշռուած ու համապարփակ զարգացում ապահովելու նպատակով: Խօսքը անընդհատ զգօն ըլլալու մասին է, որպէսզի երբեք չթերանանք բոլորին հաւասար արդարութեան եւ տկարներուն ու տարաբախտներուն զօրակցութեան բարոյական հրամայականներուն մէջ: (ՅՈՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ., «Հայաստանից հրաժեշտի ուղերձ», 27 Սեպտեմբեր 2001):

Ձեր երկրի պատմութիւնը համաքայլ կ՛ընթանայ դարերու հոլովոյթին մէջ պահպանուած իր քրիստոնէական ինքնութեան հետ: Այդ ինքնութիւնը հեռու է պետութեան առողջ աշխարհիկութիւնը խոչընդոտելէ, աւելի՛ն, կը պահանջէ անկէ եւ կը սնուցանէ զայն՝ խրախուսելով հասարակութեան բոլոր շերտերուն, քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը անոր, կրօնի ազատութիւն եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ յարգանքին: Բոլոր հայերուն համախմբուածութիւնը եւ դրացի որոշ երկիրներու հետ լարուածութիւնը յաղթահարելու վերաբերող օգտակար ուղիներ գտնելու յարաճուն պարտաւորուածութիւնը շատ աւելի կը դիւրացնէ իրականացնելու այս կարեւոր նպատակները՝ սկիզբ դնելով Հայաստանի համար ճշմարիտ վերածնունդի դարուն: Կաթողիկէ եկեղեցին, իր հերթին, երկրին մէջ մարդկային սահմանափակ քանակով ներկայ ըլլալով հանդերձ, ուրախ է բերելու իր ներդրումը հասարակութեան աճին, յատկապէս իր աշխատանքով՝ ուղղուած ամէնէն տկարներուն եւ ամէնէն աղքատներուն, առողջապահական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ եւ յատկապէս բարեգործութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս այդ մասին կը վկայեն արդէն 25 տարիէ ի վեր գործող Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկ» հիւանդանոցի, Երեւանի կրթօճախի գործունէութիւնը, Հայկական Քարիթասի նախաձեռնութիւնները եւ Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» մենաստանին կողմէ իրականացուող գործունէութիւնը:

Աստուած օրհնէ եւ պահպանէ Հայաստանը՝ հաւատքով, նահատակներուն քաջութեամբ, յոյսով՝ ցաւէն առաւել զօրաւոր, լուսաւորուած այս հողը»: