Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Տեղացած առատ անձրեւէն յառաջացած հեղեղի եւ զօրաւոր քամիի հետեւանքով՝ Յունիս 8-ի գիշերը՝ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ անհետ կորսուած են N զօրամասի ժամկէտային զինծառայողներ կրտսեր քսանապետ Վարդան Կարապետի Ղրմաճեանը եւ շարքային Արմէն Պաւելի Գազարեանը:

ՀՀ Քննչական կոմիտէի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  դէպքը տեղի ունեցած է ժամը 00:30-ի սահմանին:

Ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ Վարդան Ղրմաճեանի դին յայտնաբերուած է ժամը 05:45-ի սահմաններուն, իսկ Արմէն Գազարեանի դին ժամը 09:30-ի սահմաններուն` յարակից տարածքներէն:

Երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ՝ դէպքին առիթով նիւթեր կը նախապատրաստուին: