Աղբիւր՝ www.armenianchurch.org
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԷՍ Է ԵԿԵԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ
Ապրիլի 2-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդէս է եկել յայտարարութեամբ ապրիլի 1-ից 2-ի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնների առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ ասւում է. «Խստօրէն դատապարտում ենք Ադրբեջանի կողմից Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով իրականացուող նախայարձակ գործողութիւնները, ուղղուած նաեւ բնակավայրերի ու խաղաղ բնակչութեան դէմ:
Մեր աղօթքը եւ զօրակցութիւնն ենք բերում Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններին ու ժողովրդին, Պաշտպանութեան բանակի քաջարի հրամանատարներին ու զինուորներին: Յորդորում ենք չնուազող արիութեամբ ու աներեր հաւատքով դիմակայել Հայրենիքի անկախութեան եւ մեր ժողովրդի անվտանգութեան դէմ ուղղուած թշնամական յարձակումներին:
Ադրբեջանի շարունակական սադրանքներն ու ռազմական գործողութիւնները խաթարում են կայունութիւնը տարածաշրջանում եւ ի չիք դարձնում հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերը:
Կոչ ենք ուղղում միջազգային հանրութեանը, ի մասնաւորի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում ներգրաւուած երկրներին` կասեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ադրբեջանի չդադարող ոտնձգութիւնները:
Աղօթում ենք, որ Տէրը երկնքի լուսեղէն յարկերում հանգստութիւն պարգեւի զոհուածների հոգիներին, մխիթարութիւն` հարազատներին, շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներին:
Թող Աստուած զօրակից ու պահապան լինի խաղաղութեան պաշտպան Հայոց Բանակին»:
Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, իմանալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց Լ.Ղ. Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ ու անոր յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր զօրակցութիւնը Ղարաբաղի քաջարի բանակին նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ թէ. «Բառին ամբողջական իմաստով մենք զօրակից ենք Ղարաբաղին, անոր քաջարի բանակին, ժողովուրդին ու պետութեան։ Ղարաբաղի անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ հզօրացումը մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է։ Այս օրերուն մա՛նաւանդ՝ երբ Ղարաբաղը յարձակումի է ենթարկուած Ազրպէյճանի կողմէ, մեր ժողովուրդի զաւակները՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, պէտք է իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտեն Ղարաբաղի պաշտպանութեան գծով, որովհետեւ Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը Հայաստանի պաշտպանութիւնն է եւ փոխադարձաբար»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ղարաբաղի նախագահին, անոր ցուցաբերած օրինակելի հայրենասիրութեան ու քաջութեան համար։
Նախագահ Սահակեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ երէկ գիշեր ազերիները անակնկալ յարձակում գործած են բոլոր ճակատներու վրայ։ Մեր բանակը զօրեղ կերպով հակադարձած է ազերիներու յարձակումներուն, եւ պատճառած է մարդկային ու զինուորական ծանր վնասներ։ Բախումները տակաւին կը շարունակուին։
Յայտնենք, որ այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Նորին Սրբութիւնը Դեսպանին լայն բացատրութիւններ տայ Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան ու հայ համայնքին մասին։