Աղբիւր՝ www.asbarez.com
7 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Գարիկ Հայրապետեան, ներկայացնելով ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի 2015-2016 թուականներուն Հայաստանի մէջ կատարած «Կանանց նկատմամբ խտրական դրսեւորումներու ախտորոշիչ ուսումնասիրութիւն» նոր հետազօտութեան տուեալները՝ յայտարարած է, որ Հայաստանի բանակին մէջ աշխատող կիներուն թիւը 10 տարուան ընթացքին աւելցած է երեք անգամով։
2001ին անոնց թուային համեմատութիւնը կը կազմէր 3.3 տոկոս, 2011ին՝ արդէն 8.8 տոկոս: «Խորը չենք հետազօտել այս փաստը, սակայն, ըստ իս, սա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կուրսանտների թիւը տարեց տարի մեծանում է», հաստատած է Գարիկ Հայրապետեան:
Անոր համաձայն՝ բանակին մէջ աշխատավարձը համեմատաբար բարձր է, այդ պատճառով ալ կիները կը նախընտրեն այս բնագաւառը։