Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
«Հայկական բանակի մարտունակութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա շրջանին մէջ մրցունակ բանակ է: Մեր բանակը նաեւ յաղթանակած բանակ է, որ ամէն օր մեր սահմաններուն վրայ, Արցախի մէջ, շփման գիծին վրայ իր առջեւ դրուած քննութիւնը կը յաջողի կատարել գերազանց կերպով», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Այստեղ իւրաքանչիւրին անունը լսելով` իւրաքանչիւրիս մարմնով սարսուռ կ՛անցնի եւ ցաւն ու սխրանքը կը շաղախուին ու կը դառնան հպարտութիւն մեր բանակին, մեր մարտական ընկերներուն համար», աւելցուցած է ան: