Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ խումբ մը երիտասարդներ պահանջած են չեղարկել ԵԽԽՎ–ի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած 2 հակահայ զեկոյցները եւ այդ մասին պահանջագիր յանձնած են փոխդեսպանին: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Բողոքի ցոյցը նախաձեռնած «Յանուն oրէնքի» կազմակերպութեան երիտասարդները փորձած են խորհրդանշական ձեւով կաշառք յանձնել փոխդեսպանին սեւ եւ կարմիր խաւիարի տուփեր`  ակնարկելով ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի խաւիարային քաղաքականութեան որոշ շրջանակներու տուրք տալը:

«Յանուն օրէնքի» հասարակական կազմակերպութեան անդամ Արման Ղուկասեանը յայտարարած է, որ ԵԽԽՎ յունուարեան նստաշրջանի զեկոյցները կը վտանգեն ԼՂ կարգաւորման խաղաղ կարգաւորման գործընթացը:

Զեկոյցները որակելով խայտառակ` ան ըսած է, որ անիկա միակողմանի է: «Մենք հասկանում ենք ինչու են այդ զեկոյցները միակողմանի, բազմիցս եղել են նախադէպեր, մասնաւորապէս 2003–2004 թթ-ին, երբ Ատրպէյճանը  կարողացել է ԵԽԽՎ պատգամաւորներին գնել խաւիարով, եւ մենք որոշել ենք արտայայտել մեր վրդովմունքը եւ յանձնել  մեր պահանջագիրը, եւ խորհրդանշական   կաշառք` խաւիարի տեսքով`  սեւ եւ կարմիր … եթէ բրիտանացի պաշտօնեաները շատ են սիրում խաւիար, մենք բերել ենք խաւիար, որ հրաժարուեն այդ զեկոյցներից»,- նշած է ՀԿ-ի անդամը եւ աւելցուցած, որ  այդքան չեն բերած, որքան կը տրամադրէ Ատրպէյճանը, բայց բաւարար է:

Յիշեցնենք, որ խօսքը, մասնաւորապէս, բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ Պոսնիայի ու Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարգովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» զեկոյցներուն մասին է: Երկուքն ալ պիտի քննարկուին Յունուար 26-ին ԵԽԽՎ-ի մէջ կայանալիք նիստին:

Նոյն ՀԿ-ի այլ անդամ մը` Ծովինար Կոստանեանը յայտարարած է, որ զեկոյցները ոտնձգութիւն են հայ ազգի եւ պետականութեան, «Հայրենի հողերուն հանդէպ»։

«Եկել է մի սերունդ , որը թոյլ չի տայ նման խայտառակ ոտնձգութիւն, մենք պատրաստ ենք պաշտպանել մեր հայրենիքը, մեր հայրենիքի շահերը, ո՞վ ես դու Ռոպերթ Ոուլթըր, ով ես դու տիկին Միլիցա, որպէսզի ստիպես մեզ այդ զեկոյցներով յանձնել մեր հողը, պատրաստես մի բանաձեւ, որ ցոյց տաս, թէ ինչպէս պէտք է մենք տնօրինենք մեր հողը: Դուք գիտէ՞ք, թէ ինչ է հայրենիք կորցնելը, ի՞նչ է արեամբ հայրենիք ազատագրելը»,- հարց տուած է Ծովինար Կոստանեանը:

Ան նաեւ նշած է, որ` չեն գիտեր ՀՀ-ի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատակիցները կարմի՞ր, թէ սեւ խաւիար կը նախընտրեն, ատոր համար երկուսէն ալ տարած են:

Նշենք, որ ցոյցի մասնակիցները այնտեղ գացած են անգլերէնով գրուած «Ամօթ Բրիտանիա», «Մի՛ զբաղիք Ղարաբաղով, զբաղեցէք Իռլանտայով եւ Սքոթլանտայով», «Ձեզի համար հողակտոր է, մեզի համար` հայրենիք», «Ղարաբաղը մերն է, Բրիտանիա ցտեսութիւն» գրութեամբ կարգախօսներով:

Փոխդեսպանի հետ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն, որ եթէ բանաձեւերը ընդունուին, ուստի բողոքի շարժման մասնակիցներուն պիտի ընդունին դեսպանատան մէջ եւ պիտի լսեն անոնց դժգոհութիւնները:

 
***

Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԶԵԿՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ. Ե.Խ.Խ.Վ. ՆԱԽԱԳԱՀ

Սթրազպուրկի մէջ մեկնարկեց Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 29:

Ըստ Panorama.am-ի՝ նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ ԵԽԽՎ նախագահ Անն Պրասէոր, որուն լիազօրութիւնները կ՝աւարտին արդէն այսօր, հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով եւ պատասխանած լրագրողներու հարցերուն:

Անն Պրասէոր՝ ներկայացնելով ԵԽԽՎ օրակարգը` նշած է նաեւ ԵԽԽՎ օրակարգին ընդգրկուած երկու հակահայկական զեկոյցներու նախագիծերուն մասին` «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» եւ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ», որոնց քննարկումն ու քուէարկութիւնը նախատեսուած է Յունուար 26-ին:

Անն Պրասէոր, սակայն, յայտնած է, որ կան բազմաթիւ առաջարկներ` վերոնշեալ բանաձեւերու նախագիծերուն վերաբերեալ քննարկում չիրականացնելու գծով:

«Վերջնական որոշումը, ի հարկէ, պէտք է կայացնէ վեհաժողովը` իրականացնել քննարկում, թէ ոչ, կամ անիկա ետ ուղարկել յանձնաժողով»,- ըսած է Պրասէոր: