Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան 19 յունուարին ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «Քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւն» խորագիրով բաց քննարկման ընթացքին:

Ան անդրադարձած է վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ 1994 թուականին կնքուած զինադադարի անտեսման եւ խախտման դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն ապրած անվտանգութեան եւ վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն:

Դեսպանը նշած է, որ կ՛աւելնան Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գօտիին մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանային գիծին վրայ խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումները` հասնելով աննախադէպ չափերու, նաեւ տարբեր զինատեսակներու եւ ծանր հրետանիի օգտագործումով, խլելով սահմանային գիւղերու բնակիչներուն կեանքը: Միայն  սեպտեմբեր 2015-ին զոհուած է երեք կին:

«Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի միտումնաւոր եւ նպատակային խախտումները` զուգորդուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն խաթարումով: Ուստի, Հայաստան անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին հետամուտ ըլլալու միջազգային հանրութեան կոչերուն` ձեւաւորելու զինադադարի խախտման դէպքերը քննող մեքանիզմ եւ ետ քաշելու արձակազէնները: Այլապէս, պիտի ստանձնէ բռնութեան եւ լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը», ըսած է Հայաստանի դեսպանը:

Մնացականեան շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը տագնապներու լուծման հարցով շրջանային կազմակերպութիւններու կարողութիւններու կիրարկման լաւագոյն օրինակներէն է` աւելցնելով, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ի եւ անոր ընդհանուր քարտուղարին աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի գործունէութեան` կոչ ուղղելով մերժելու Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերու խաթարման Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը:

Կարեւոր նկատելով ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը քաղաքացիներուն դէմ ֆիզիքական բռնութեան կանխարգելման, պաշտպանութեան եւ մարտավարութեան մշակման մարզերուն մէջ` Հայաստանի դեսպանը շեշտած է. «Կազմակերպութեան հեղինակութիւնը պէտք է գնահատուի ոչ թէ հնչեցուած` դատապարտման խօսքերով, այլ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղուած շօշափելի գործունէութիւններով: Այս իմաստով պէտք է յատկապէս ընդգծել ՄԱԿ-ի եւ շրջանային կազմակերպութիւններու դաշտային առաքելութիւններու դերը` տեղւոյն իրավիճակի գնահատման հարցին մէջ, ընդունելով, որ կանխարգիլումը քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան լաւագոյն միջոցն է: Աւելի՛ն, տագնապի գօտիին մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է զանգուածային ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան յանցատեսակի հետ»: