Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Դեկտեմբեր 28ին աւարտեցաւ Արցախի ազգային վիճակախաղի երրորդ խաղարկութիւնը:

«Արցախփրէս»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, «Արցախի Ազգային Վիճակախաղ» ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան նշած է, որ արդէն իսկ յայտնի են շահած բոլոր տոմսերը: «Այս տարի մրցանակային ֆոնդը կազմուած է եղել 455 մրցանակներից. արցախեան արտադրութեան տարբեր չափսերի գորգեր, թթի օղի՝ տակառիկների մէջ, յուշանուէրներ՝ «Արցախեան մեղր», եւ 5 հատ 1 միլիոն դրամ», ըսած է Արզումանեան՝ աւելցնելով, որ դրամական շահումները պիտի ըլլան միայն Արցախի եւ Հայաստանի բնակիչներուն համար:

Այն հարցումին, թէ քաղաքացիները ե՞րբ կրնան ստանալ իրենց շահածները, Ա. Արզումանեան պատասխանած է, որ Յունուար 11էն սկսեալ, բոլոր շահողները իրենց անձը հաստատող փաստաթուղթով եւ շահած տոմսով պէտք է ներկայանան Ղարաբաղի մէջ՝ «Արցախի Ազգային Վիճակախաղ» ընկերութիւն, Ստեփանակերտ, Հ. Յակոբեան 30 հասցէով, (հեռ. 374-47-966003, 966004), իսկ Հայաստանի մէջ՝ նոյն ընկերութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւն (հեռ. 374-77-966505):

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար, քաղաքացիները կրնան հեռաձայնել 374-97-207027 թիւին, կամ կապ հաստատել Արցախի ազգային վիճակախաղին ե-նամակով՝ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէով:

Ա. Արզումանեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Յունուարին պիտի կատարուի նաեւ «պոնուս» խաղարկութիւն մը, ուստի կը խնդրուի բոլոր մասնակցողներէն չոչնչացնել վիճակախաղի տոմսերը մինչեւ այդ յաւելեալ խաղարկութեան արդիւնքներու հրապարակումը:

Նշենք, որ վիճակախաղի երրորդ թողարկման շրջանառութեան մէջ դրուած 140 հազար տոմսերէն, ընդհանուր առմամբ իրացուած է միայն 94,419 տոմս: Վիճակախաղէն ստացուած ամբողջ հասոյթը այս տարի եւս պիտի յատկացուի Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակիչներուն համար բնակարաններ կառուցելու նպատակին։

2013ին մեկնարկած սոյն վիճակախաղին ընթացքին հաւաքագրուած ամբողջ հասոյթը ուղղուած է Իշխանաձորի մէջ 10 բնակարաններու կառուցման համար: Այս ծրագիրին ծիրէն ներս, նոյն համայնքին մէջ կը նախատեսուի կառուցել եւս 37 առանձնատուն: