Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

9 Նոյեմբերին,  Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որոնք նաեւ տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս։

Սերկէյ Լաւրով հաստատած է, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու Երեւանի դիրքորոշումը: Ան վստահ է, որ կողմերը պիտի շարունակեն փոխշահաւէտ փոխզիջումներու հիմքեր մշակելու ջանքերը: Լաւրով ընդգծած է, որ Ռուսիան՝ որպէս Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի խումբի համանախագահ եւ եռեակի մասնակից, կը շարունակէ աշխոյժ եւ գործօն դեր խաղալ դրական արդիւնքի հասնելու առումով:

Ան քննադատած է Ե.Խ.Խ.Վ.-ի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի որոշումը, որով համաձայնութիւն տրուած է Ռոպըրթ Ուոլթըրի զեկոյցին: Լաւրով ընդգծած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսկի խումբի համանախագահները վճռական պիտի ըլլան այն առումով, որ տագնապի լուծումը տեղի ունենայ հետեւողական, համբերատար երկխօսութեան միջոցով:

«Հարցը իրօք շատ բարդ է»,- նշած է ան։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ ճիշդ չէ փորձել հարցին մէջ ներքաշել այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին կարգաւորմամբ, բայց այդ բանը ընելու համար միջազգային հանրութենէն իրաւասութիւն չեն ստացած:  Ան նշած է, որ որեւէ նշանակալի արմատական քայլ, ով ալ ըլլայ նախաձեռնողը, կը վնասէ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի համանախագահներուն գործողութիւններուն:

Նախարար Նալբանդեան իր կարգին ընդգծած է, որ պաշտօնական Երեւան բարձր կը գնահատէ Ղարաբաղի խնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ ռուսական կողմին եւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը՝ հաստատելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ նոյն ոգիով գործել։