Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Արցախի ազգային վիճակախաղի երկու խաղարկութիւններու արդիւնքով 10 առանձնատուն կառուցուած է, որոնք ներքին յարդարումէ ետք պիտի տրամադրուին Արցախ բնակիլ ցանկացող ընտանիքներու:

Վիճակախաղի երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան «Հետք»-ին պատմած է, որ վիճակախաղի հիմնական նպատակը վերաբնակեցումն է: Այդ նպատակով ընտրուած է Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղը, որ բաւական մեծ գիւղ է եւ մինչեւ վերջերս անբարեկարգ վիճակի մէջ եղած է:

«Այդ գիւղը վերցրել ենք որպէս թիրախ եւ արդէն 3 տարի է` այդ գիւղում նպատակադրուած կառուցում ենք 37 առանձնատներ, որոնցից տասը երկու տարիների խաղարկութեան արդիւնքում պատրաստ են եւ օրերս կը յանձնուեն Արցախի կառավարութեանը: Մեր պատկերացմամբ` Իշխանաձոր համայնքը պէտք է ունենա 1000 բնակիչ,  իր դպրոցով, մանկապարտէզով եւ թաղայանի բոլոր յարմարութիւններով»,- ըսած է Ա.Սիմոնեան:

Գիւղին մէջ բնակիլ ցանկաց մարդիկ նաեւ 1200 մեթր տնամերձ հողատարածք պիտի ստանան` գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու համար:

Բնակարաններ գնելու ֆոնտը կը գոյանայ տոմսերու վաճառքէն: 2000 դրամ արժող տոմսերը կը գնեն Արցախէն, Հայաստանէն, Սփիւռքէն: Վաճառքէն գոյացած գումարով կը կառուցուին առանձնատները, որոնք այնուհետեւ կը յանձնուին Արցախի կառավարութեան` վերաբնակեցման ծրագրին մէջ ներառելու համար: Վիճակախաղը կառավարութեան նախաձեռնութիւնն է:

2013-ին ծրագրի մեկնարկէն ի վեր 30 երկիրներէ գնած են 400 հազար տոմսեր:  Արդիւնքով` ընդհանուր ֆոնտը կազմած է 350 միլիոն դրամ:

Արցախի վիճակախաղի հիմնական շահումը տեղական արտադրութեան գորգերն են: Ազատուհի Սիմոնեան ըսած է, որ ընկերութեան պատուերի շնորհիւ տեղի գորգագործարաններէն մէկը մշտապէս կը գործէ: Այդ գործարանի տարբեր մասնաճիւղերուն մէջ կ՛աշխատին շուրջ 200 տեղացի կանայք: Միւս ապրանքատեսակները արցախեան թութի օղին եւ մեղրն են, որոնք, ընկերութեան ներկայացուցչի խօսքով, կը հաւաքագրուին բնակիչներէն, կը փաթեթաւորուին եւ կը տրամադրուին շահողներուն: