Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` Պաքուի մէջ ընթացող աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան առաջին մրցափուլին Արոնեանի մրցակիցը Միքայէլ Վիտենկելլերն էր Լիւքսեմպուրկէն:
Մօտ երեք ժամ երկարած խաղը վերջ գտաւ 33-րդ քայլին, եւ Արոնեան ստիպեց մրցակիցին յանձնուելու:
Աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան կը մասնակցի են 128 շախմատիստներ: Իւրաքանչիւր մրցամարտի ժամանակ կողմերը պիտի խաղան 2 խաղ` մէկական սպիտակ եւ սեւ գոյներով:
Հաւասար` 1:1 հաշիւի պարագային, տեղի պիտի ունենայ լրացուցիչ խաղեր արդէն արագ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ կայծակնային խաղի կանոններով` մինչեւ որոշուի յաղթողը:
Պայքարը կ'ընթանայ նոկաութ համակարգով. պարտուողը դուրս կը մնայ յետագայ խաղէն: