Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ատրպէյճանի մէջ սկսած են Հայաստանի հետ բաժնող պատի շինարարութեան աշխատանքները: ԱՓԱ-ի լրատուականի փոխանցմամբ` շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ Arpa ընկերութիւնը:
Հաճալի գիւղի տարածքին բաժնող պատի 500 մեթրը արդէն կառուցած են: Ալիպէյլիի տարածքին կառուցուած է 700-800 մեթր: Նման պատ մը կառուցուած է նաեւ Թովուզի մարզի Աղտամ գիւղին մէջ: Պատի բարձրութիւնը 4 մեթր է, իսկ լայնութիւնը` 80 սմ.:
Նոյնաձեւ պաշտպանիչ կառոյցներ կան նաեւ հայկական կողի վրայ` բնակավայրերու ճանապարհներուն երկայնքով: