Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութիւնը այս տարի նոյնպէս կ՝օժանդակէ փոքր դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններուն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութեան մամուլի բաժինէն։

Վերջին օրերուն պայմանագրեր ստորագրուած են հայկական այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցած ծրագիրները հաւանութեան արժանացած են: «Ուրախ ենք, որ այս տարի մեզի հասած են մեծ թիւով լաւ յայտեր: Յաջողակ նախաձեռնութիւնները անցած են դժուար ընտրութեան գործընթացի մէջէ: Մեր կողմէն քննարկուած են 125 դիմում­-յայտեր եւ մեզի համար որոշում կայացնելը եղած է շատ դժուար»,-­ ըսած է դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նատիա Լիխդենպըրկըր:

Դեսպանութեան փոքր դրամաշնորհային ծրագիրը կ՝օժանդակէ կարճաժամկէտ ձեռնարկներ, որոնք կոչուած են արձագանգելու կարիքաւորութեան կէտային խնդիրներուն եւ կրնան նպաստել բնակչութեան ամենախոցելի խումբերու կենսապայմաններու բարելաւման` առաւելութիւնը տալով գիւղական վայրերուն: Ընդհանուր առմամբ, այս տարուան ծրագիրներուն համար յատկացուած է 41.000 եւրօ:

Այս տարի օժանդակութիւն պիտի ստանան շարք մը նոր նախաձեռնութիւններ: Մասնաւորապէս, «Հայկական ճամբար» լեզուի եւ առագաստանաւի դպրոց ՀԿ` Սեւանայ լիճի ափին արձակուրդային ճամբարի վերակառուցում, Գանձաքար գիւղի շահառուներու խումբ` գիւղացիներու եւ փոքր­ձեռներէցներու համար շարժական շուկայական ծրագիրի ստեղծում, Սիւնիքի զարգացման ՀԿ (Եղէգնաձոր)` թիւ 64 մանկապարտէզի բակային պարագաներու համալրում, «Յոյսի կամուրջ» ՀԿ (Նոյեմբերեան)` հաշմանդամներու արհեստանոցի համալրում, Ֆրանս­հայկական զարգացման հիմնադրամ` խուլ եւ համր անձերու ուսուցիչներու վերապատրաստում, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն` Աբովեանի հանրակացարանին մէջ հանրային սենեակի ստեղծում, «Սուրբ Սանդուխտ» կանանց ՀԿ` Գեղարքունիքի մարզի հինգ դպրոցներու համար մարզական պարագաներու ձեռքբերում, ՀԵՆԱ ՀԿ (Սառնաղբիւր)` երիտասարդական համայնքային կեդրոնի ստեղծում, «Լոռէ» էկոակումբ ՀԿ (Ստեփանաւան)` տասը արեւային չորանոցներու կառուցում միրգի չորացման համար: