Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն  այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն:

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  քարտուղար Անի Սարգսեան:

«Այս տարի Արցախի նկատմամբ արտասահմանցի լրագրողներու հետաքրքրութիւնը աննախադէպ է. առաջին վեց ամիսներու տուեալներով ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատուութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մէջ լրագրողական հաւատարմագիր  ստացած է 100 արտասահմանցի լրագրող, մինչդեռ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին` 23»,-նշած է Ա. Սարգսեան: