Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Հայաստան աւելի կայուն է, քան Հարաւային Կովկասի միւս պետութիւնները. կը վկայեն տուեալները «Դիւրաբեկ պետութիւններու աղիւսակ»ի (Fragile States Index), որուն վրայ Հայաստան կը գրաւէ 108-րդ դիրքը (աղիւսակին մէջ առաջին դիրքը գրաւող պետութիւնը ամենախոցելին կը նկատուի):

2014-ի համեմատ, Հայաստան իր դիրքը բարելաւելած է 4 կէտով:

Հայաստան կը գտնուի «նախազգուշացման ցած մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ՝ Սուրինամի, Ղազախստանի, Սամօուայի, Քուպայի եւ շարք մը այլ երկրներու հետ:

Հայաստանի դրացիներէն ամենախոցելի երկիրը կը նկատուի Իրանը, որ 44-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, մինչ Վրաստան 70-րդ դիրքին վրայ է, Ատրպէյճան՝ 80-րդ, իսկ Թուրքիա՝ 90-րդ:

Ռուսիան 65-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մաս կը կազմէ «նախազգուշացման բարձր մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին:

Աշխարհի ամենախոցելի երկիրներու եռեակին մաս կը կազմեն, երկրորդ տարին ըլլալով, յաջորդաբար՝ Հարաւային Սուտան, Սոմալիա եւ Կեդրոնական Ափրիկեան հանրապետութիւնը:

Նախորդ տարուան համեմատ, ամենամեծ անկումը արձանագրած են Ուքրանիան, Սուրիան եւ Լիպիան, իսկ ամենամեծ յառաջխաղացքը՝ Քուպան, Վրաստանը եւ Փորթուկալը:

Ամենակայուն պետութիւնները կը նկատուին՝ Ֆինլանտան, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Դանիան:

Աղիւսակի հեղինակներն են՝ «The Fund for Peace»ը եւ «Foreign Policy» ամսագիրը: Անոնք նկատի կ՛առնեն տարբեր չափորոշիչներ՝ երկրի տնտեսական դրութիւնը, ապահովութեան մակարդակը, գաղթականներու հարց, օրէնքները պարտադրելու յանձնառութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, աղքատութեան մակարդակը, եւայլն: