Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ալի Քայիտին եւ բարեկամական խումբի անդամները:

Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, իսկ համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Ան կարեւոր նկատեց նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ տնտեսական ծրագիրներու իրագործումը, որ, ըստ Սահակեանի, կարելիութիւն կ'ընձեռէ յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելու որակական նոր աստիճանի:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն` Գալուստ Սահակեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը նախաձեռնած է ստեղծելու «Խորհրդարանները ընդդէմ ցեղասպանութեան» միջազգային համագործակցութեան միջխորհրդարանական մարմին:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մասին` Ալի Քայիտի նշեց, որ այս հարցին մէջ Իրանի իշխանութիւնները վստահ են, որ տագնապը պիտի լուծուի խաղաղ բանակցային ճամբով:

Քառօրեայ այցելութեամբ եկած իրանցի խորհրդարանականներուն հետ երէկ նաեւ տեսակցեցան Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամները` Վահրամ Պաղտասարեանի գլխաւորութեամբ: