Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Յունիս 18-28 Փրակի 13-րդ միջազգային Քառամեայ փառատօնին Հայաստան պիտի ներկայանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Կարմիր կարկուտ» բեմանկարչական բեմադրութեամբ, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net-ը:

Փառատօնը բեմական ձեւաւորման աշխարհի խոշորագոյն փառատօնն է, որ կը կազմակերպեն Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութիւնն ու Եւրոպական միութիւնը: Այն կ’իրականացուի 4 տարին անգամ մը: 1967-էն ի վեր  առատօնին իրենց աշխատանքներով ներկայացած են այնպիսի յայտնիներ, ինչպիսիք են Սալվատոր Տալին, Օսքար Նիմէյերը, ժոզէֆ Սուոպոտան, Ռոպերթ Ուիլսընը եւ այլք:

Հայաստան Փրակի Քուատրինալէին առաջին անգամ մասնակցած է 2011-ին բեմանկարիչ Նելլի Բարսեղեանի ջանքերով: 2015-ին մեր երկիրը դարձեալ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու, այս անգամ «Կարմիր կարկուտ» բեմանկարչական բեմադրութեամբ, որուն հեղինակ-համադրողներն են բեմանկարիչներ Լիլիթ Ստեփանեան եւ Նելլի Բարսեղեան, երաժշտութեան հեղինակ` աշխարհահռչակ երաժիշտ, երաժշտահան Տիգրան Համասեանն ու լուսանկարիչ, բեմադրիչ Վահան Սեփանեան:

Նախագիծը կ’իրականացուի «Էյուա» արուեստներու հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու տնօրինութեան աջակցութեամբ:

«Կարմիր կարկուտ» բեմանկարչական տեղակայման ստեղծուած է Տիգրան Համասեանի երաժշտութեան եւ հայերուն Ցեղասպանութեան ժամանակ օգնութիւն ցուցաբերած նորվեկուհի միսիոներուհի Պոտիլ Կատարինէ Պիորնի կողմէ եղած մէկ վաւերագրական լուսանկարի փոխազդեցութեան արդիւնքով:

Փրակի Քուատրինալէի հիմնական ցուցադրութենէն բացի Յունիս 23-ին կայանալիք հայկական օրուան ծիրէն ներս լուսանկարիչ Վահան Ստեփանեան կը ներկայացնէ նաեւ PAN Photo գործակալութեան հետ համատեղ ստեղծուած` «Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» (Last Survivor of The Armenian Genocide) նախագիծը: