Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Մայիս 5ին հաստատած է, թէ այս շաբաթ տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուաշիկթըն այցելութեան ընթացքին, Ամերիկա եւ Հայաստան պիտի ստորագրեն առետուրի եւ նեդրումներու համաձայնագիր նախագիծը, որ ճամբայ պիտի բանայ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման միտող համաձայնագիրի մը գոյացման բանակցութեանց առջեւ։

«Երկիր Մեդիա»էն Վանուհի Աւագեանի հարցումին պատասխանելով, Մայիս 5ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միլզ ըսած է, թէ նման համաձայնագիր մը առեւտուրի եւ գործարարութեան նոր առիթներ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներուն համար եւ վստահեցուցած է, թէ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները շատ սերտ են ու նախագահ Պարաք Օպամա զանոնք «շատ կարեւոր» կը նկատէ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան եւ գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած են այս յառաջընթացը եւ շնորհակալութիւն յայտնած են զայն կարելի դարձնողներուն։

Խաչիկեան այս կապակցութեամբ նամակ մը յղած էր Միացեալ Նահանգներու առեւտրական հարցերու ներկայացուցիչ Մայքըլ Ֆրոմընին՝ շեշտելով նման համաձայնութիւն մը գոյացնելու կարեւորութիւնը։ Նամակը կարելի է կարդալ այս կայքէջին վրայ, իսկ այս մասին Համբարեանի պատրաստած տեսանիւթը կարելի է դիտել այստեղ կայքէջին վրայ։

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի ամերկեան առեւտուրի գրասնենակը եւ Հասատան հաստատուած ընկերութիւններ տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանին համաձայնագիրին կնքումը ապահովելու համար։