Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումի մը մէջ արդիւնաւէտ եւ դրական գնահատած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումը: Ան այդ գրառումին կցած է հանդիպումէն առնուած լուսանկար մը:
«Արդիւնաւէտ եւ դրական հանդիպում Փարիզի մէջ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ: Հայաստանը դրական տրամադրուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման կարելիութիւններուն համար»,- գրած է ամերիկացի համանախագահը: